Սիտնիի մէջ 7 լիբանանցի երեխաներ ենթարկուեցան ինքնաշարժի արկածի մը, որուն պատճառով անոնցմէ 4-ը մահացան, իսկ երեքը վիրաւորուեցան ու փոխադրուեցան հիւանդանոց:
Մահացած 4 երեխաներէն 3-ը նոյն ընտանիքի` Ապտալլա ընտանիքի անդամներ են, իսկ չորրորդը` Սաքըր ընտանիքի անդամ:
Ինքնաշարժի արկածը պատճառած վարորդը ձերբակալուեցաւ. ի յայտ եկաւ, որ ան ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ կը վարէր ինքնաշարժը:
Մահացած երեխաներուն հայրը` Տանիէլ Ապտալլա իր կնոջ հետ այցելեց դէպքին վայրը, ուր ան ըսաւ, թէ ինք կորսնցուցած է իր զաւակներուն կէսը: Ան նշեց, որ ինք ոչինչ կը զգայ` դէպքին ազդեցութեան տակ, կոչ ուղղելով բոլորին, որ իրենց ինքնաշարժը զգուշ վարեն:
Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի ցաւակցութիւն յայտնեց Աւստրալիոյ մէջ պատահած այս ողբերգական դէպքին համար` նշելով, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը անմիջապէս կապուած է Աւստրալիոյ լիբանանեան դեսպանատան հետ եւ թելադրած Ապտալլա ընտանիքին տրամադրել ամէն տեսակի օժանդակութիւն:
Արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ խոստացաւ արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով հետեւիլ հետաքննութիւններուն եւ արկածին վերաբերող դատական հոլովոյթին:
Իր կարգին, վարչապետ Հասսան Տիապ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին ընդմէջէն շեշտեց. «Աւստրալիոյ մեր ընտանիքը հարուածած աղէտը` 4 լիբանանցի երեխաներու մահը, խոր ցաւ պատճառած է Լիբանանին: Մեր ցաւակցութիւնները` անոնց հարազատներուն եւ համբերութիւն անոնց»: