Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահէն ստացած է պատասխան նամակ մը, որուն մէջ իշխանը հաստատած է, որ Քուէյթ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի զօրակցութեան եւ աջակցութեան` բոլոր մարզերուն մէջ:
Քուէյթի իշխանը լիբանանցիներուն յղեց իր բարեմաղթութիւնները` բարգաւաճում մաղթելով Լիբանանին:



