Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցումը, Իսկ Առաջնահերթը Հաշիւ Ունեցողներու Գումարներուն Պահպանումն Է»

Փետրուար 5, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի  ընթացիկ նիստին:

Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ համախմբումը կը մերժէ ամէն տեսակի որոշում, համաձայնութիւն կամ գործարք, որուն հետեւանքը կ՛ըլլայ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը, ո՛չ միայն պարզապէս անոր համար, որ այդ մերժումը նշուած է երկրին սահմանադրութեան մէջ, այլ նաեւ անոր համար, որ ան կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան, լիբանանեան ընկերութեան հաւասարակշռութեան, ինչպէս նաեւ կը հակադրուի ՄԱԿ-ի որոշումներուն, որոնցմէ առաջինը` պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի որոշումը:

Համախմբումը իր հաղորդագրութեան մէջ նկատել տուաւ, որ առաջնահերթը դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներու գումարներուն պահպանումն է, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական տագնապէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը` կասեցնելով արձանագրուած տնտեսական անկումը:

«Երկրին տնտեսական կացութեան փրկութիւնը կարիքը ունի տնտեսական ամբողջական ծրագիրի մը, որ յստակ կերպով առաջարկուի կառավարութեան կողմէ` դիմագրաւելու համար Լիբանանը հարուածող տագնապը», շեշտուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ապահովական առումով, Հզօր Լիբանան համախմբումը շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարը պէտք է անսայ Աքքարի բնակիչներուն կոչերուն` Աքքարի մէջ փոխադրութեան հարցերը լուծելու, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններն ու վարչութիւնները պաշտպանելու իմաստով:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Պասիլի Հետ Քննարկեց «Դարու Գործարք»-ին Հետեւանքները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Զբօսաշրջութեան Մարզին Վիճակը Բարելաւելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?