Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հետազօտութեան եւ բարգաւաճման կրթական կեդրոնի նախագահ դոկտ. Նատա Օուիժանը, որուն ընկերակցեցաւ կեդրոնին մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Օուիժան ներկայացուց կրթական ծրագիրներու բարեփոխումներն ու կրթական մարզին մէջ մշակուած նոր ոճերը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց կրթութեան անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ կրթութիւնը արժէքներու գիտութիւն է եւ ազգային պատկանելիութեան հասկացողութիւն:
Նախագահ Աուն հաստատեց աշակերտները արհեստից կրթութեան առաջնորդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս այն արհեստները, որոնց լիբանանեան հասարակութիւնը կարիքը ունի:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու, կաշառքը արգիլելու եւ հանրութեան գումարներուն մսխումը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլան եւ Ապպաս Հաշեմը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նախագահ Աուն Սիտնիի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Շարպել Մաաքրոնէն խնդրեց այցելել լիբանանցի Տանի Ապտալլայի բնակարանը եւ իր կողմէ անձամբ ցաւակցութիւն յայտնել անոր` իր երեք զաւակներուն մահուան առիթով:
Նախագահ Աուն խոր կսկիծով անդրադարձաւ այդ պատահարին` հաստատելով, որ յանցագործը պէտք է խստագոյն պատիժներուն ենթարկուի: