ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Համասի ղեկավար Իսմայէլ Հանիէէն, որուն հետ քննարկեց «Դարու գործարք»-ին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Պըրրի ընդգծեց արաբական եւ պաղեստինեան միասնականութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` դիմակայել կարենալու համար «Դարու գործարք»-ը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Քննարկուեցան «Դարու գործարք»-ն ու անոր ունենալիք հետեւանքները: Նշենք, որ Ժեմայէլ երէկ ուղղուեցաւ Քուէյթ` մասնակցելու համար արաբական եւ միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին նիստերուն:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Համատ Հասան հաստատեց, որ Ծայրագոյն Արեւելքէն Լիբանան ուղղուած նաւուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ չկան` աւելցնելով, որ Չինաստանէն ապսպրանք կատարած քաղաքացիներ կրնան ապահով կերպով իրենց իրերը ստանձնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հաստատեց, որ Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական համախմբումը ներկայ պիտի գտնուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման խորհրդարանի նիստերուն, սակայն կառավարութեան իր վստահութեան քուէն պիտի չշնորհէ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ շարժումի անդամ ցուցարարներ երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Թրիփոլիի սերային դիմաց` պահանջելով Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ, դատաւոր Ռամզի Նոհրայի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ պահանջեցին հաշուետուութեան կանչել բոլոր փտածները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մարոնիներու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ լիկայի նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըրի: Ապի Նասըր հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին Հռոմ ճամբորդութեան նախօրեակին այցելած են անոր` հաստատելու համար քրիստոնէական-մարոնիական միասնականութիւնը իրականացնելու կարեւորութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ իրենք կ՛ուղղուին մասնակցելու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը քննարկելու խորհրդարանի նիստին, սակայն կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի չշնորհեն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ ընդգծեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձով` անկախ անոր իրաւասութիւններէն եւ կարողութիւններէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ խզած է Լիբանանի օդային սահմանները` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը: Ըստ հաղորդագրութեան, իսրայէլեան օդանաւերը թռիչքներ կատարած են Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն ու հարաւային Լիբանանի վերեւ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ երկրին անկումը կարելի է կասեցնել լուրջ աշխատանք տանող կառավարութեամբ մը` առանց մուտք գործելու ներքին մանրամասնութիւններու մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ ընդգծեց, որ իրենք կը սպասեն կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին` որոշելու համար, թէ Մուսթաքպալ պլոքը խորհրդարանի նիստերուն պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ: