Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք դատական իշխանութիւններու որոշումներուն միջամուխ չի դառնար` աւելցնելով, որ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմի որոշումին հետ ինք ոչ մէկ կապ ունի: «Ես կը յարգեմ դատական իշխանութեան ինքնուրոյնութիւնը եւ յանձնառու եմ այս կեցուածքիս», շեշտեց Պըրրի: ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Իտ յայտնեց, որ ինք իր հրաժարականը պիտի զետեղէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի...




















