Լիբանանեան

Ռիատ Սալամէ Կը Յայտարարէ Լիբանանեան  Ճարտարարուեստի Մարզին Տրամադրուելիք Մնայուն  Օժանդակութիւններու Մասին

Ռիատ Սալամէ Կը Յայտարարէ Լիբանանեան Ճարտարարուեստի Մարզին Տրամադրուելիք Մնայուն Օժանդակութիւններու Մասին

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործող այն գործարարները, որոնք Լիբանանի մէջ կը վաճառեն իրենց արտադրութիւնը եւ կ՛արտածեն զայն, մնայուն օժանդակութիւններու պիտի արժանանան: Սալամէ նկատել տուաւ, որ այդ որոշումը տրուած է վարչապետ Հասսան Տիապի եւ ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլայի հետ համախոհութեամբ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սալամէի որոշումը այն է, որ...

Ֆահմի Քիճիանի Հետ Քննարկեց  «Քորոնա» Ժահրին Վերաբերող Հարցեր

Ֆահմի Քիճիանի Հետ Քննարկեց «Քորոնա» Ժահրին Վերաբերող Հարցեր

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա» ժահրին վերաբերող հարցերն ու այն միջոցառումները, որոնց Չինաստան դիմած է` պայքարելու համար այդ ժահրի տարածումին դէմ: Քիճիան հաստատեց, որ Չինաստան պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին` «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար: Ֆահմիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ռոժէ Ազար, որուն հետ...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժոմպլաթի  Կողմէ Գործուղուած Ռամի Ռայէսը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժոմպլաթի Կողմէ Գործուղուած Ռամի Ռայէսը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սլէյման մաղթեց, որ կառավարութիւնը յաջողի հակակշիռի տակ առնել Լիբանանի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակը` տնտեսական թէ առողջապահական առումով: Սլէյման յայտնեց, որ երկրին նիւթական պարտքը վերադասաւորելու զուգահեռ, կառավարութիւնը պէտք է նաեւ ներդրումներ ապահովէ, որպէսզի երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապը լուծուի: Ան...

«Պատմական Անկիւնադարձային  Փուլի Մը Սեմին Կը Գտնուինք»   Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

«Պատմական Անկիւնադարձային Փուլի Մը Սեմին Կը Գտնուինք» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բաւարար կանխազգուշացում չկայ «Քորոնա» ժահրին մասին` աւելցնելով, որ այդ հարցը աւելի եւս պիտի բարդանայ: Ան կոչ ուղղեց զգուշանալու եւ լիբանանցիները պաշտպանելու: «Երկրի մը մէջ, ուր պետութիւն չկայ, ստիպուած ենք իբրեւ քաղաքացիներ պետութեան դերակատարութիւնը ստանձնելու եւ մենք մեր ու մեր...

Հըթթի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Ներկայացուցիչին Հետ  Քննարկեց «Քորոնա» Ժահրին  Դիմադրելու Միջոցները

Հըթթի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց «Քորոնա» Ժահրին Դիմադրելու Միջոցները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Եուքի Մուքոն, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա» ժահրին դէմ դնելու միջոցները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի միջեւ գործակցութիւնը: Հըթթի դրուատեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու ջանքերը: Միւս կողմէ, Հըթթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպան Եուրի Սլոքան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի շեշտեց, որ անցեալ շաբաթ օր վարչապետ Հասսան Տիապ լիբանանցիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յստակ եւ գործնական ոչ մէկ ծրագիր ներկայացուց: ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին կառավարութեան` տնտեսական-ելեւմտական  եւ ընկերային...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով  Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 41-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 41-ի

Մինչ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին կը գումարէ իր նիստը, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւին վրայ կ՛աւելնան 9 այլ պարագաներ: Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 41-ի: Անոնցմէ 37-ն կը գտնուին առողջական կայուն վիճակի մէջ, իսկ 4-ը` անկայուն: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ...

Նախագահ Աուն Ուահապի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Նախագահ Աուն Ուահապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ուահապ անդրադարձաւ Լիբանանի կառավարութեան որոշումին, որ կը վերաբերէր «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերու նիւթական իր պարտաւորութիւնը առկախելու, ինչպէս նաեւ որդեգրուելիք տնտեսական ու ելեւմտական բարեկարգումներուն, որոնց շարքին` ելեկտրականութեան մարզի բարեկարգումին, որ հրատապ է եւ պէտք է անյապաղ կատարուի: Միւս...

Պըրրի. «Այսօր Պահանջուածը Անյապաղ  Բարեկարգումներն Են, Որոնք Տնտեսական  Եւ Ելեւմտական Առումով Կ՛ամրապնդեն Երկրին Դիրքը»

Պըրրի. «Այսօր Պահանջուածը Անյապաղ Բարեկարգումներն Են, Որոնք Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Առումով Կ՛ամրապնդեն Երկրին Դիրքը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժարը, որուն հետ քննարկեց երկրին եւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Պըրրի ընդունեց նաեւ աշխատանքի նախարար Լամա Եամմինը, որմէ իմացաւ նախարարութեան աշխատանքային ծրագիրին մանրամասնութիւնները: Միւս կողմէ, Պըրրի իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց, որ անցեալ շաբաթավերջին լիբանանցիներուն ուղղուած վարչապետ Հասսան Տիապի խօսքը դրական էր` աւելցնելով, որ ան...

Հըթթի Ընդունեց Մարթինը Եւ Ստանձնեց  «Քորոնա» Ժահրին Դիմադրելու  Ֆրանսական Օժանդակութիւնները

Հըթթի Ընդունեց Մարթինը Եւ Ստանձնեց «Քորոնա» Ժահրին Դիմադրելու Ֆրանսական Օժանդակութիւնները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչի պատասխանատու Քրիսթոֆ Մարթինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու միջոցները: Միւս կողմէ, Հըթթի երէկ ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ստանձնեց Լիբանանի տրամադրուած ֆրանսական բժշկական օժանդակութիւնները, որոնք «Քորոնա» ժահրին տարածումին դէմ պայքարելու կը ծառայեն: Հըթթի հաստատեց, որ...

Ֆահմի Տըրղամի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ֆահմի Տըրղամի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ասաատ Տըրղամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: Ֆահմիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Եոքի Մուքոն, որուն հետ քննարկեց ներքին գործոց նախարարութեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ Լիբանանին ներկայացուած օժանդակութիւններուն, յատկապէս երեխաներուն վերաբերող օժանդակութիւններուն կարեւորութիւնը: Ֆահմի ընդգծեց լիբանանցի երեխաներուն,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ երէկ շնորհաւորեց ուսուցիչները` հաստատելով, որ ուսուցիչին ջանքերը մէկ տօնով կարելի չէ գնահատել: «Ուսուցիչը գիտութեան եւ գիտելիքի պատգամը կրողն է: Կարելի չէ ուսուցիչը «Թուիթըր»-ի գրառումով մը յիշել, սակայն անիկա կրնայ խորհրդանշական արտայայտութիւն մը ըլլալ, գնահատելու համար իր դերակատարութիւնը` հայրենիքի ապագային եւ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան մէջ: «Կը խոնարհիմ առաջին ուսուցչուհիիս` մօրս յիշատակին առջեւ, ինչպէս նաեւ կը խոնարհիմ բոլոր անոնց...

Կառավարութիւնը Որոշեց «Եուրոպոնտ»-ի  Պարտատոմսերուն Առումով Լիբանանի Նիւթական  Պարտաւորութիւնը Առկախել` Ուղղուելով  Պարտքը Վերադասաւորելու Ընտրանքին

Կառավարութիւնը Որոշեց «Եուրոպոնտ»-ի Պարտատոմսերուն Առումով Լիբանանի Նիւթական Պարտաւորութիւնը Առկախել` Ուղղուելով Պարտքը Վերադասաւորելու Ընտրանքին

Լիբանանի կառավարութիւնը որոշեց առկախել «Եուրոպոնտ»-ի պարտատոմսերու նիւթական իր պարտաւորութիւնը եւ ուղղուիլ պարտքը վերադասաւորելու ընտրանքին: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ օր կէսօրուան ժամը 1:00-ին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակին յատուկ կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ` վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ չներկայացուց կառավարութեան որոշումները, իսկ նախարարները ուղղուեցան վարչապետարան` ներկայ գտնուելու համար վարչապետ Տիապի կողմէ լիբանանցիներուն...

Կիներու Միջազգային  Օրուան Առիթով .  Իշխանութեան Պետերը  Կը Շնորհաւորեն  Լիբանանցի Կիները

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով . Իշխանութեան Պետերը Կը Շնորհաւորեն Լիբանանցի Կիները

Կիներու միջազգային օրուան առիթով, երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ այս օրը առիթ պէտք է ըլլայ վերյիշելու բռնութեան ենթարկուած եւ օրէնքի անիրաւութեան պատճառով տուժած կիները: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ կիներու իրաւազրկումին դէմ պայքարին առաջին քայլը պէտք է ըլլայ անձնական կարգավիճակի միացեալ օրէնքի վաւերացումը: «Պէտք է վերջ տալ տղամարդոց ու կիներու իրաւունքներուն տարբերութիւններուն եւ անոնց միջեւ խտրութեան` յարգելով...

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան  Պարտականութիւնն Է Անմիջապէս Պատժել Լիբանանեան  Դրամանիշին Արժէքին Հետ Խաղցողները»

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան Պարտականութիւնն Է Անմիջապէս Պատժել Լիբանանեան Դրամանիշին Արժէքին Հետ Խաղցողները»

  Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` շեշտելով, որ Լիբանան կարիքը ունի իր ներքին միասնականութեան կերտումին: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է միասնականութեամբ գործեն` փրկելու համար Լիբանանը, որ տնտեսական ու ելեւմտական սպառնալիքներ կը դիմագրաւէ եւ որուն վարկին հանդէպ տարբեր պետութիւններուն կողմէ անվստահութիւն սկսած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, հանդիպելէ ետք ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի եւ ելեւմտական հարցերու դատախազ Ալի Իպրահիմի հետ, յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է գործեն այնպիսի ոճով, որուն շնորհիւ կարելի ըլլայ դատական իշխանութիւններուն հանդէպ քաղաքացիին վստահութիւնը ամրապնդել: Նաժըմ յայտնեց, որ դատախազ Օուէյտաթ Ալի Իպրահիմի որոշումը սառեցուց` դրամատուներուն կողմէ որոշ քայլերու դիմելու մասին խոստումներ ստանալէ ետք: Նաժըմի համաձայն, դրամատուները իրենց առնելիք...

Համատ Հասան. «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը  Հակակշիռի Տակ Պահելու Փուլէն Անցած Ենք,  Որովհետեւ Այդ Ժահրը Սկսած Է Տարածուիլ»

Համատ Հասան. «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Հակակշիռի Տակ Պահելու Փուլէն Անցած Ենք, Որովհետեւ Այդ Ժահրը Սկսած Է Տարածուիլ»

Դպրոցները, Համալսարաններն Ու Մանկամսուրները Փակ Պիտի Մնան Մինչեւ 14 Մարտ 2020  Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ առաւօտեան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Աքքարի Արիտա սահմանային անցքը, ուր ստուգեց «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու առումով կատարուող աշխատանքները: Ապա ան այցելեց Հալպայի «Ապտալլա Ռասի» կառավարական հիւանդանոցը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բժիշկներու անձնակազմին հետ: Կէսօրէ ետք, Հասան այցելեց Պուարի կառավարական հիւանդանոցը, ուր մամլոյ ասուլիսի մը...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքեց  ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մօտ`  Իսրայէլեան Խախտումներուն Դէմ

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մօտ` Իսրայէլեան Խախտումներուն Դէմ

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ բողոքեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ` լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան խախտումներուն դէմ: Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան հանդէպ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը: Նշենք, որ նախանցեալ...

Կառավարութիւնը Այսօր  Կը Ճշդէ «Եուրոպոնտ»-ի  Բաժնետոմսերուն Առումով  Լիբանանի Վերջնական Կեցուածքը

Կառավարութիւնը Այսօր Կը Ճշդէ «Եուրոպոնտ»-ի Բաժնետոմսերուն Առումով Լիբանանի Վերջնական Կեցուածքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան գումարելիք յատուկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի ճշդուի «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն առումով լիբանանեան պետութեան նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելու կամ չկատարելու վերջնական կեցուածքը: Կառավարութեան նիստին ներկայ պիտի գտնուի վարչապետ Հասսան Տիապ, որուն տեղեկատու գրասենեակը յայտնեց, որ վարչապետը այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին լիբանանցիներուն պիտի ուղղէ պատկերասփռուած խօսք մը: Միւս կողմէ, նախագահական պալատը երէկ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը  Կոչ Ուղղեց Կառչած Մնալու «Եուրոպոնտ»-Ի Գծով  Կառավարութեան Տալիք Որոշումին

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Ուղղեց Կառչած Մնալու «Եուրոպոնտ»-Ի Գծով Կառավարութեան Տալիք Որոշումին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պլոքը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին` կառչած մնալու «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն գծով կառավարութեան տալիք որոշումին: Պլոքը նկատել տուաւ, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին, լիբանանեան պետութիւնը առողջապահութեան նախարարութեան ճամբով դիմած է «Քորոնա» ժահրի տարածումի կանխարգիլման որոշ քայլերու: Պլոքը հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրի հարցին...

Page 504 of 988 1 … 503 504 505 … 988

Արխիւներ