Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ` նախագահութեամբ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապները:
Համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղուեցաւ երկրին ելեւմտական տագնապը լուծելու` հիմնուելով ազգային ենթահողի վրայ:
Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները, ինչպէս նաեւ պետութեան գանձարկղը պահպանուին:
Համախմբումը ստացաւ Կեդրոնական դրամատուն առաքած իր պահանջին պատասխան-նամակը, որ կը վերաբերէր իւրացուած գումարները օտար երկիրներ փոխանցելու հարցին:
Համախմբումը որոշեց այս թղթածրարը հետապնդել պաշտօնական եւ օրինական մակարդակներու վրայ` յանգելու համար ճշմարտութեան, նկատի ունենալով, որ այդ մասին իմանալը լիբանանցիներուն իրաւունքն է:
Ակնարկելով ելեկտրականութեան թղթածրարին դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուած քննադատութիւններուն` համախմբումը հաստատեց, որ կազմակերպուած այդ արշաւը կը միտի լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը շեղել եւ զանոնք ներքաշել ամուլ բանավէճերու մէջ:
Համախմբումին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ո՛վ որ ելեկտրականութեան նոր ծրագիրը կը քննադատէ, պէտք է անոր փոխարէն նոր ծրագիր մը առաջարկէ, որովհետեւ կարեւորագոյնը կը մնայ լիբանանցիներուն ելեկտրականութիւն ապահովելու յանձնառութիւնը:



