Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, Աւետման տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան չորեքշաբթի, 25 մարտ 2020-ին:

«ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ» օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Հռոմ, Միլանօ, Նաժաֆ եւ Քուէյթ կատարուելիք կարգ մը թռիչքները ջնջեց` «Քորոնա» ժահրի տարածումին իբրեւ նախազգուշութիւն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր խորհրդարանին ներկայացուց օրինագիծ մը, որուն համաձայն, դրամատուներուն մէջ բոլոր հաշիւ ունեցողներուն պարագային գաղտնիութեան օրէնքը պէտք է վերացնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ճափոնի դեսպան Թաքիշի Օքոպու հաստատեց, որ Ճափոն որոշած է ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին մէկ միլիոն տոլար նուիրել` ամրապնդելու համար առողջապահական անմիջական ծառայութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի հաստատեց, որ երկրին կացութիւնը չ՛արտօներ, որ «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն առումով նիւթական պարտաւորութիւնը կատարուի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մահմուտ Ֆահմի Թունուզէն վերադարձաւ Պէյրութ, աւարտելէ ետք արաբ ներքին գործոց նախարարներու 37-րդ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը: Տեղեկատուական որոշ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ֆահմիի ունեցած հանդիպումները եղած են դրական:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ եւ մշակոյթի նախարար Ապպաս Մուրթատա յայտնեց, որ կանեփի ցանքին օրինականացումը լիբանանեան պետութեան տարեկան մէկ միլիառ տոլարի գումար պիտի ապահովէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան  Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է իմանալ դրամատուներու սեփականատէրերուն հարցաքննութեան արդիւնքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապի դիմագրաւած հարցը ուղղակիօրէն կապուած է վարչապետարանին մէջ գտնուող Հըզպալլայի մօտիկ իր խորհրդատուներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ այնքան ատեն որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իշխանութեան վրայ կը մնան, կացութիւնը պիտի մնայ նոյնը եւ ոչինչ պիտի փոխուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի շրջափակումը պիտի շարունակուի, եթէ կարելի չըլլայ մշակել պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւն մը, որ Հըզպալլայի զէնքը լիբանանեան պետութեան հրահանգին ենթակայ դարձնէ:

ՊԱԱԼՊԵՔԻ քաղաքապետ Ֆուատ Պլուքի հրահանգով Պաալպեքի հարաւային մուտքին գտնուող ժողովրդային շուկան մէկ շաբթուան համար փակ պիտի մնայ` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրով վարակումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ 1993-էն ի վեր գաղթականներու հարցերու նախարարութեան մէջ արձանագրուած մսխումը կը հասնի աւելի քան երեք հազար միլիառ լ. ոսկիի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ վերաշխուժացուցած է լիբանանեան ծովուժը զինելու յատուկ 400 միլիոն եւրոյի արժողութեամբ վարկը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը մեծ չէ` աւելցնելով, սակայն, որ կարեւորագոյնը անոնց շրջափակումն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանը Միջազգային դրամատան հոգատարութեան տակ դնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ պատասխանատուութիւնը կ՛ենթադրէ դիմել Լիբանանի փրկութեան արտակարգ քայլերու` վերջ տալու համար երկրին փլուզման:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ինք Լիբանանի բարեկամ երկիրներէն կատարուելիք ոչ մէկ օժանդակութիւն կը նախատեսէ` նկատի ունենալով երկրին ներկայ ձախող իշխանութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` տարակարծութիւնները մէկդի դնելու, շրջանցել կարենալու համար Լիբանանի դիմագրաւած բարդ իրավիճակն ու տնտեսական ծանր տագնապը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հիւսիսային Լիբանանի Քապպա գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեց 30 սուրիացի տեղահանուածներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Լիբանան: Բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ձերբակալուածները յանձնուեցան համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին. երկուստեք շեշտեցին Լիբանանը իր արաբ բարեկամներուն հետ մտերիմ պահելու անհրաժեշտութիւնը: «Լիբանանը կարելի չէ բաժնել զինք գրկող արաբական ծոցէն», ըսաւ Սլէյման:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նատա Պուսթանի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան մարզի բարելաւման համար մշակուած արդի ծրագիրը ժամանակաւոր լուծումներ ապահովելու ծրագիր չէ, այլ` մնայուն ելեկտրակայաններ ապահովելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Եաագուպ նշեց, որ լիբանանեան ջուրերու մէջ առաջին նաւթահորի պեղման մեկնարկը ծիծաղելի նկատողը նոյն կողմն է, որ տասնամեակներէ ի վեր արգիլած է նաւթ եւ բնական կազ արտահանելու աշխատանքը: «Այդ կողմն է, որ Լիբանանի բարգաւաճումը չի ցանկար, եւ այս վարուելակերպն ու կեցուածքը համազօր են ազգային դաւաճանութեան», ըսաւ ան:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին ապահովական կայունութիւնը բարելաւում արձանագրած է` աւելցնելով, որ նահանգապետութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով նախազգուշական քայլերու դիմած է «Քորոնա» ժահրով վարակումը կանխարգիլելու: Խտըր աւելցուց նաեւ, որ Պաալպեք-Հերմելի շուկաներուն մէջ վաճառուող իրերուն սակերը միշտ կը ստուգուին` արգիլելու համար ապօրինի սղաճը եւ քաղաքացիներու չարաշահումը:

ՀՌՈՄԻ մէջ լիբանանեան դեսպանատունը կոչ ուղղեց Իտալիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած լիբանանցիներուն` չուղղուելու Լիբանան, «Քորոնա» ժահրէն իբրեւ նախազգուշացում:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այս փուլին պէտք է վեր մնալ նեղ հաշիւներէ եւ օժանդակել կառավարութեան, «որովհետեւ եթէ անիշխանութիւն ըլլայ, ապա բոլորս կը ձախողինք», ըսաւ ան: Ան կոչ ուղղեց ելեկտրականութեան թղթածրարը առնելու անոնցմէ, որոնք կը շահագործեն այդ մարզը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պետութեան իր պայմաններով վերադասաւորելու երկրին նիւթական պարտքը, որպէսզի երկիրը անորոշ կացութիւն մուտք չգործէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու Չինաստանի զարգացումները, յատկապէս «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին վերաբերող:

Հարիրի Քիճիանի հետ քննարկեց նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Քիճիան հաստատեց, որ Չինաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու օժանդակելու Լիբանանին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռեպեքա Կրինտլին, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Սուհել Աճազ Խանը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդին` Սուրիա Փրաթափ Սինկ Ռաուաթի: Քննարկուեցան երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Երկրորդ Թիւը

Յաջորդը

Հըթթի Մեկնեցաւ Եգիպտոս

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?