Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթին, որուն հետ քննարկեց անոր Փարիզ այցելութեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի եւ ֆրանսացի այլ պատասխանատուներու հետ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Հըթթի յայտնեց, որ ֆրանսացի պատասխանատուներուն մօտ շօշափած է Լիբանանի նկատմամբ զօրակցութեան եւ օժանդակութեան առումով յանձնառութիւն, յատկապէս` Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ կացութեան ընթացքին:
Ան ընդգծեց, որ ֆրանսացի պատասխանատուներուն հետ քննարկած է Գահիրէի մէջ այսօր տեղի ունենալիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովի օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Հըթթի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն ներկայացուց Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Նշենք, որ Հըթթի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ հարցերով օգնական Խալետ Խայարին` ընկերակցութեամբ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի:
Հըթթի շնորհակալութիւն յայտնեց Խայարիին` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքներուն համար, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Հըթթի բարձր գնահատեց հարաւի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը, յատկապէս ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու իմաստով:
Ան ընդգծեց, որ պիտի աշխատի պահպանել ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն անվտանգութիւնը: