Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի ելեւմտական մարզը ընդհանրապէս, իսկ դրամատնային մարզը յատկապէս զրպարտութիւններու արշաւէ մը եւ անճիշդ տեղեկութիւններէ կը տառապին:
Սֆէյրի գրասենեակին համաձայն, լիբանանեան տնտեսութիւնը հսկայական վնասներ կրած է ապատեղեկատուութեան այս ալիքին պատճառով:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ դրամատուներու սեփականատէրերէն եւ ընդհանուր տնօրէններէն իմացաւ դրամատուներուն պարզած իրականութեան մասին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի դրամատնային գործառնութիւններուն:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ դրամատուները յանձնառու են իրենց յաճախորդներուն գումարներուն, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ օրէնքը կը պաշտպանէ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն իրաւունքները:



