Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ, հանդիպում մը ունենալէ ետք ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլայի հետ, հրաւիրեց մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը:
Այս առիթով Ժեմայէլ յայտնեց, որ ճարտարարուեստի մարզը իրաւունքի եւ դատի տէր մարզ մըն է` ընդգծելով, որ իրենք քանի մը անգամ յայտարարած են, թէ ճարտարարուեստի մարզի բանեցումին համար հում նիւթի կարիք ունին, եւ թէ անիկա կենաց մահու խնդիր է` ո՛չ միայն ճարտարարուեստին, այլեւ` տնտեսութեան:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ ճարտարարուեստի մարզին պահպանումը հսկայ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ` ճարտարարուեստի եւ տնտեսական առողջ խարիսխ մը ունենալու մէջ:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապ Կեդրոնական դրամատան հետ համաձայնած է ճարտարարուեստի մարզին հում նիւթ գնելու համար 100 միլիոն տոլարի գումար ապահովել:
Ան աւելցնուց, որ այս գումարը ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն կարիքէն շատ աւելի քիչ է` նկատի ունենալով, որ անոնք օրական 8 միլիոն տոլարի կարիք ունին: «Հետեւաբար 100 միլիոն տոլարի գումարը կրնայ 15 օրուան համար միայն բաւարար ըլլալ ճարտարարուեստի մարզին համար», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ դիտել տուաւ սակայն, որ հակառակ այս իրականութեան, իրենք կը նկատեն, որ այդ գումարը պիտի ըլլայ կամուրջ մը` դէպի արմատական լուծումներ:
«Այս դասաւորումը կը գնահատենք եւ զայն կը նկատենք ճարտարարուեստի մարզին հանդէպ լիբանանցի պատասխանատուներուն յանձնառութիւնը դրսեւորող դրական պատգամ մը», հաստատեց Ժեմայէլ:
Նշենք, որ Հուպալլա երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ճարտարարուեստի մարզին համար ապահովուելիք հում նիւթին գումարները նուիրատուութիւններ չեն, այլ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն պատկանող գումարներ, որոնք դրամատուներուն մէջ սառեցուած էին:
Հուպալլա ընդգծեց, որ գործարաններու բանեցման ժամանակը հասած է` մաղթելով, որ դրամատուները առիթ տան իրենց մօտ հաշիւ ունեցողներուն, որպէսզի անոնք ազատագրեն այդ գումարները: