«Վարչապետ Տիապ Ունի Յստակ Ծրագիր Մը, Որ Կը Պարունակէ Կարծր Որոշումներ, Սակայն Ունի Տեսլական, Ու Կը Խնայէ Աղքատը» Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ
Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ընդունեց անկախ սիւննիներու Խորհրդակցական հանդիպում պլոքը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք պլոքին անունով երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ վարչապետարան այցելութեան իր նպատակն է զօրակցիլ վարչապետին` կասեցնելու համար երկրին մէջ արձանագրուած քանդումը: Քարամէ յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է փարատեն իրենց մտահոգութիւնները, որովհետեւ վարչապետ Տիապ մօտիկ ապագային պիտի յայտարարէ ծրագիր մը: «Վարչապետ Տիապ ունի յստակ ծրագիր...




















