Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատախազ Իպրահիմ 20 Դրամատուներու Արգիլեց Իրենց Սեփական Գումարներով Գործառնութիւններ Կատարել

March 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ որոշեց լիբանանեան քսան դրամատուներու իրենց սեփական գումարներով եւ ունեցուածքով կատարուած գործառնութիւնները արգիլել եւ այդ մասին տեղեակ պահել Կալուածներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, Առեւտրական փաստաթուղթերու քարտուղարութիւնը, Փոխադրութեան եւ երթեւեկի մարզի տնօրէն խորհուրդը, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, Դրամատուներու միութիւնն ու Ելեւմտական շուկաներու խորհուրդը:

Դատախազ Իպրահիմի որոշումով այդ դրամատուներու նախագահներուն ու տնօրէն խորհուրդներուն կ՛արգիլուի իրենց կալուածները կամ ինչքերը որեւէ գործառնութեան մը համար օգտագործել:

Քսան դրամատուներն են.

– «Աուտէ»
– «Պլոմ»
– «Ֆրանսապանք»
– «Պիպլոս»
– «Սոսիեթէ ժեներալ»
– «Պէյրութ»
– «Մետ»
– «Լիպանօ-ֆրանսեզ»
– «Քրետի Լիպանէ»
– «Էնթըրքոնթինենթալ»
– «Ֆըրսթ նեշընըլ»
– «Լեպանոն էնտ կալֆ»
– «Պէյրութ էնտ արապ քանթրիզ»
– «Միտըլ իսթ էնտ Էֆրիքա»
– «Սիտրըս»
– «Ֆետերալ»
– «Սուրիա եւ Լիբանան»
– «Մաուարետ»
– «Լիպանօ-Սուիս»
– «Սարատար»
– «Էճիփթ էնտ Լեպանոն»

Երեկոյեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հաստատեց, որ պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններ սփռած են այնպիսի լուրեր, թէ դատախազ Իպրահիմի որոշումը Պըրրին պատրաստած է:

Գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Պըրրիի անձին մասին կատարուած վերագրումները անճիշդ են:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն նշեց, որ դատախազ Ալի Իպրահիմի որոշումը ամբոխահաճ քաղաքական որոշում մըն է, որուն հետեւանքները աննախատեսելի են:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան ժողովրդային շարժումի ցուցարարներ ցոյց մը կատարեցին Դրամատուներու միութեան կեդրոնին դիմաց` պահանջելով յետս չկոչել դրամատուներու սեփականատէրերուն դէմ տրուած դատական որոշումը:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան վերստուգիչ դատարանին մօտ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ որոշում տուաւ սառեցնելու ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմի որոշումը:

Դատախազ Օուէյտաթ նշեց, որ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազին կարգադրութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ երկիրը եւ ելեւմտական, դրամական եւ տնտեսական մարզերը մտցնելու քաոսի մէջ: Այդ որոշումը կրնայ նաեւ իրարանցում ստեղծել Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լուծում գտնելու կոչուած պատկան մարմիններուն եւ կառոյցներուն մօտ:

 

Նախորդը

«Ներկայացուցած Եմ Լիբանանին Շուրջօրեայ Դրութեամբ Ելեկտրականութիւն Ապահովելու Ծրագիր Մը, Որ Տակաւին Կը Ննջէ Նուազուրդի Բաժանմունքի Դարակներուն Մէջ» Շեշտեց Ա. Մաթոսեան

Յաջորդը

Հասան Ֆատլալլա. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Պայմանները Ժողովրդային Յեղափոխութիւն Կրնան Բռնկեցնել»

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.