Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Բարձրացաւ 15-ի

March 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 15-ի: Անոնցմէ 14-ը կը գտնուին Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ, իսկ 1-ը` Ժիպէյլի Մաունաթ հիւանդանոցին մէջ:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք հասած են 45 կասկածելի պարագաներ, որոնք ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու: Անոնցմէ 15-ը կարիքը ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը 51 պարագաներ ենթարկեց բժշկական քննութեան. անոնցմէ երկուքին քննութիւններուն արդիւնքները «Քորոնա» ժահր ցոյց տուին:

Նախապէս առողջապահական մեկուսարաններու մէջ գտնուող 9 պարագաներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց բնակարանները, ուր անոնք 14 օրուան ապաքինման շրջան մը պիտի անցընեն:

Ըստ հաղորդագրութեան, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ տակաւին կան 14 պարագաներ, որոնք բոլորը ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու, եւ անոնց արդիւնքները կը փաստեն, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն:

«Իսկ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մնացեալ 14-ը եւս կը գտնուին հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ: Անոնց առողջական վիճակը կայուն է, բացի իրանցի քաղաքացիէն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ժիպէյլի Մաունաթ հիւանդանոցին մէջ եւս արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագայ մը:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ցարդ կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի չվերածուելու առումով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ գործող անձնակազմին, որուն ջանքերուն շնորհիւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաները բժշկական լաւ խնամքի կ՛արժանանան:

Հասան շեշտեց, որ իրենք աշխատանքը պիտի շարունակեն` պահելու համար չափանիշները եւ լիբանանցիներուն առողջութիւնը:

Միւս կողմէ, Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր յայտնեց, որ խորհուրդը առողջապահութեան նախարարութեան պիտի յատկացնէ աւելի քան մէկ միլիառ լ. ոսկի` յառաջ տանելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը:

Նշենք, որ սեփական դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ յայտնեց, որ տակաւին հաստատ չէ, եթէ երեքշաբթի, 10 մարտ 2020-ին, դպրոցները պիտի վերաբացուին:

Ապպուտ ընդգծեց, որ դպրոցներու վերաբացումին պարագային պէտք է որդեգրուին այնպիսի միջոցառումներ, որոնց հիման վրայ կարելի ըլլայ կանխարգիլել «Քորոնա» ժահրին տարածումը:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ երէկ սերտեց կլկլակի յատուկ սրճարանները փակելու կարելիութիւնը` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Աշխատանքի Եւ Հանրօգուտ Շինութեանց Նախարարութիւններուն Ծրագիրները

Յաջորդը

Պըրրի. «Բոլորը Պէտք Է Զօրակցին Կառավարութեան, Նոյնիսկ Եթէ Ան Որոշ Արգելքներ Դիմագրաւէ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.