Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Տիապ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Դերակատարութիւնն Ու Կարմիր Խաչի Գործունէութիւնը

March 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ հարցերով օգնական Խալետ Խայարին` ընկերակցութեամբ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը եւ անոնց կարողութիւնները բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ այն միջոցները, որոնք կ՛օժանդակեն սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու:

Հանդիպումին մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնը արժեւորելու նպատակով կատարուած շրջապտոյտի մը:

Վարչապետ Տիապի այցելեց նաեւ Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Քրիսթոֆ Մարթենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան Կարմիր խաչին դերակատարութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Մարթեն յայտնեց, որ Տիապի հետ քննարկած է լիբանանեան Կարմիր խաչին վերաբերող հարցերն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Մարթեն ընդգծեց Կարմիր խաչի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով շտապ օգնութեան եւ արեան տուչութեան վերաբերեալ անոր տրամադրած ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրի սպառնացած վտանգաւոր այս փուլին ընթացքին անոր առաքելութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:

Մարթեն յայտնեց, որ վարչապետ Տիապի հետ քննարկած է նաեւ պատերազմին ընթացքին անյայտ կորսուածներու հարցը եւ առաջարկած, որ այս իմաստով կազմուի ազգային յանձնախումբ մը` հետապնդելու համար այդ աշխատանքները:

Նշենք, որ Մարթեն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի հետ:

Նախորդը

Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Ելեւմտական Տագնապը Լուծելու` Հիմնուելով Ազգային Ենթահողի Վրայ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Աշխատանքի Եւ Հանրօգուտ Շինութեանց Նախարարութիւններուն Ծրագիրները

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.