Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան «Տիար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ 20 դեկտեմբեր 2018-ին Լիբանան հրաւիրած է Ահմետ Սուէյտին, որ առաջարկած է վեց ամսուան ընթացքին Լիբանանին շուրջօրեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւն ապահովել` կազը օգտագործելով:
Ա. Մաթոսեանի համաձայն, ելեկտրական հոսանքը քաղաքացիին համար շատ մատչելի գինով կարելի պիտի ըլլար ապահովել` աւելցնելով, որ 2 մարտ 2019-ին ան դարձեալ Ահմետ Սուէյտին հրաւիրած է Լիբանան, ուր ան հանդիպում մը ունեցած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախկին նախարար Նատա Պուսթանիի հետ:
«Հանդիպումին ընթացքին Պուսթանի ընդգծեց թափանցիկութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է յանձնառու մնալ նուազուրդի բոլոր պայմաններուն: Այս առիթով Ահմետ Սուէյտի վերահաստատեց իր առաջարկը` նկատել տալով, որ այդ ծրագիրը կ՛ենթադրէ մէկ միլիառ եւ չորս հարիւր միլիոն տոլար, որուն պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ ինք` ապահովելով երեք հազար մեկաուաթ ելեկտրականութիւն: Սակայն Սուէյտիի ծրագիրը տակաւին կը ննջէ նուազուրդի բաժանմունքի դարակներուն մէջ», հաստատեց ան:
Ա. Մաթոսեան նշեց, որ լիբանանեան պետութեան մէջ ոմանք կը փափաքին խոչընդոտել այս առաջարկը, որովհետեւ անոնք չեն փափաքիր, որ ելեկտրականութեան հոսանքի մատակարարման դրութիւնը երկրին մէջ շուրջօրեայ դառնայ:
Ա. Մաթոսեան անդրադարձաւ նաեւ նաւահանգիստը դէպի Պուրճ Համուտ եւ Տորա ընդարձակելու հարցին` հաստատելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստէն օգտուող կողմերը կտրականապէս կը մերժեն այդ ծրագիրը: Ան աւելցուց, որ այդ մերժումին պատճառներուն մասին մտածելու ընթացքին միայն մէկ տիրական հարցում ինքզինք կը պարտադրէ: «Ո՞վ է նաւահանգիստէն օգտուող կողմը», ըսաւ ան:
Ա. Մաթոսեան շեշտեց, որ Լիբանանի պետական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ փտածութեան բոյներ գոյութիւն ունին, բացի Ընդհանուր ապահովութեան հաստատութենէն, որ ճշգրիտ կերպով կը գործէ եւ շահեր կ՛ապահովէ պետական գանձարկղին եւ ոչ այս կամ այն պաշտօնեային: