Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ մանկամսուրներէն, միութիւններէն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան կեդրոններէն խնդրեց հետեւիլ առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն, եւ անոր հրապարակած շրջաբերականներուն` այդ կեդրոններուն մաքրութիւնը պահելու եւ զանոնք հականեխելու առումով:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի տնօրէն Սելին Մուերոն, որուն հետ քննարկեց ներքին գործոց նախարարութեան այդ ծրագիրի պատասխանատուներուն հետ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Ֆահմի շեշտեց ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրին կողմէ Լիբանանի օժանդակութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմի հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ սպառողին պաշտպանութիւնը կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ դատական իշխանութեան հետ պէտք է գործակցիլ` շուկային մէջ գտնուող արտադրութիւններուն սակերը պահպանելու համար:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հարցով Հըզպալլայի հետ տարակարծութիւն չկայ, այլ` բազմակարծութիւն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հանդիպումը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Հանդիպումը հաստատեց, որ դատական իշխանութեան նշանակումները այդ իշխանութեան անկախութեան ճամբուն առաջին քայլերը կը նկատուին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի նիւթական պարտքը վերադասաւորելու տեսակէտին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ երկիրը գողցող փտածութեան մաֆիան կը շարունակէ ժողովուրդը կեղեքել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն զօրակցելու կառավարութեան աշխատանքներուն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ երկրին վարչակարգը կարելի չէ փոխել առանց ընտրական նոր օրէնքի: Ան նշեց, որ Լիբանանը պէտք է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցի` ընդունելի նախապայմաններու հիման վրայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ քննարկեց դատական իշխանութեան մէջ կատարուելիք նշանակումները: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենայ հանդիպում մը հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին միջեւ, որպէսզի «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերու վճարումին մասին յստակ որոշում մը տրուի:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ վարչապետ Հասսան Տիապին ըսած է, թէ Փարիզ պատրաստ է զինք ընդունելու` քննարկելու համար «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութեան եղանակը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Տիապ Լիբանանի օժանդակութեան եւ զօրակցութեան նպատակով հրաւէրներ ստացած է նաեւ Եգիպտոսէն, Քուէյթէն եւ Քաթարէն, սակայն ան պիտի չընդառաջէ այդ հրաւէրներուն, մինչեւ որ տնտեսական եւ ելեւմտական իր ծրագիրը չմշակէ, որպէսզի անոր հիման վրայ կարելի ըլլայ քննարկել Լիբանանի կարիքները:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ Լիբանանի նիւթական պարտքը վճարելու մերժումը հիմնուած է գրեթէ բոլոր երեսփոխանական պլոքներուն կեցուածքներուն վրայ:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հալէպը Կը Վերագտնէ Իր Ապաքինման Կռուանները

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանքի Երիտասարդական – Ուսանողական Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?