Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 7, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք դատական իշխանութիւններու որոշումներուն միջամուխ չի դառնար` աւելցնելով, որ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմի որոշումին հետ ինք ոչ մէկ կապ ունի: «Ես կը յարգեմ դատական իշխանութեան ինքնուրոյնութիւնը եւ յանձնառու եմ այս կեցուածքիս», շեշտեց Պըրրի:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Իտ յայտնեց, որ ինք իր հրաժարականը պիտի զետեղէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի տրամադրութեան տակ եւ այդ քայլը առնելուն տուն տուող պատճառներուն պիտի անդրադառնայ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատունը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը եւ լումայափոխներէն պահանջեց կառչած մնալ ամերիկեան տոլարին դիմաց պետութեան ճշդած լիբանանեան դրամանիշի սակին, եւ վերջ տալ երեւակայական սակերով տոլարի առքի ու վաճառքի գործառնութիւններուն: Ըստ այդ շրջաբերականին, տոլարին գինը պաշտօնական սակէն 30 առ հարիւրէն աւելի պէտք չէ բարձրանայ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութեան հետ: Քննարկուեցան Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի կառավարութեան մատուցուելիք այն թեքնիք օժանդակութիւնները, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ հակակշռել երկրին դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի խաղաղ ցուցարարներուն, որոնք ժողովուրդին բողոքի ձայնը կը փորձեն հասցնել: Ֆահմի Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ տեղեկատուութեան մարզը ո՛չ միայն չորրորդ իշխանութիւն է, այլ` լիբանանեան ընկերութեան հիմնական իշխանութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ կոչ ուղղեց ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներուն` իրենց առաջարկները ներկայացնելու: Ան հաստատեց, որ այս փուլին ընթացքին Լիբանան ամէն բանէ աւելի կարիքը ունի տեղեկատուութեան նախարարութեան` հակակշռելու համար ապատեղեկատուութիւնը: Ան հաստատեց, որ իր հետապնդած օրակարգին վրայ կը գտնուի պետական պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն խորհուրդի նշանակումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ըսաւ. «Երանի դրամատուներու սեփականատէրերու շահերուն յանձնառու անհատները, նոյնքան նախանձախնդիր ըլլան ժողովուրդին գումարներուն եւ հաշիւներուն»:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ շեշտեց, որ դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան օրէնքի վաւերացումը երկրին մէջ արձանագրուող խախտումները լուծելու լաւագոյն նախաքայլն է:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմնին. Դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին, Դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Եւ Մտաւորական Հաղորդավար Ղասսան Շամի Իրենց Ականատեսի Վկայութիւնները Ներկայացուցին «Արցախի Հանրապետութիւնը Լիբանանցիներու Վկայութեամբ» Խորագրեալ Զրոյցի Ընթացքին

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Ուղղեց Կառչած Մնալու «Եուրոպոնտ»-Ի Գծով Կառավարութեան Տալիք Որոշումին

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.