Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 16-ի:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունք հասած են 74 կասկածելի պարագաներ, որոնք ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու: Անոնցմէ 25-ը կարիքը ունեցած են առողջապահական մեկուսարաններու մէջ մնալու:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը 52 պարագաներ ենթարկեց բժշկական քննութեան. անոնցմէ միայն մէկուն քննութեան արդիւնքը «Քորոնա» ժահր ցոյց տուաւ:
Նախապէս առողջապահական մեկուսարաններու մէջ գտնուող 19 պարագաներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց բնակարանները:
Ըստ հաղորդագրութեան, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ տակաւին կան 19 պարագաներ, որոնք բոլորը ենթարկուած են բժշկական քննութիւններու, եւ անոնց արդիւնքները կը փաստեն, որ անոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն:
«Իսկ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մնացեալ 16-ը եւս կը գտնուին հիւանդանոցին առողջապահական մեկուսարաններուն մէջ: Անոնց առողջական վիճակը կայուն է, բացի իրանցի քաղաքացիէն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Իման Շանքիթի հաստատեց, որ կը նախատեսուի, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը շատ արագ բարձրացում արձանագրէ:
Ան հարցականի տակ առաւ Լիբանանի կողմէ «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշիռի տակ առնելու կարողութիւնը: