Շաբաթ Օրուան Ժողովրդային Ցոյցերը Մօտեցան Համայնքային Սադրանքի Վիհին
Լիբանանի Կրօնական Եւ Քաղաքական Ղեկավարութիւնները Շեշտեցին Միասնականութիւնը Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը Շաբաթ յետմիջօրէին մայրաքաղաք Պէյրութը դարձեալ ականատես դարձաւ ժողովրդային շարժումին կազմակերպած բողոքի ցոյցի մը, որ իր սկիզբով եւ աւարտով շատ տարբեր չէր նախորդ ցոյցերէն, սակայն հնչած պահանջներով նորութիւն էր Պէյրութի համար: Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ցուցարարները բարձրացուցին հիմնական չորս պահանջներ, որոնք հետեւեալներն են` երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ, փտածութեան դէմ պայքար, «Բոլորը,...


















