«Պիպլոս» դրամատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ Հազմիէի մէջ սպաննուած է իր դրամատան դրամի լուացումի, աւազակութեան եւ կեղծուած գործառնութիւններու հետաքննութեան բաժնի տնօրէն Անթուան Տաղեր:
«Պիպլոս» դրամատունը գուժեց Տաղերի մահը` հաստատելով, որ կը սպասէ անոր սպանութեան մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն:
Նշենք, որ Անթուան Տաղեր երէկ Հազմիէի իր բնակած շէնքին կառատան մէջ սպաննուած գտնուած էր: