Լիբանանի Կրօնական Եւ Քաղաքական Ղեկավարութիւնները Շեշտեցին
Միասնականութիւնը Եւ Քաղաքացիական
Անվտանգութիւնը Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը
Շաբաթ յետմիջօրէին մայրաքաղաք Պէյրութը դարձեալ ականատես դարձաւ ժողովրդային շարժումին կազմակերպած բողոքի ցոյցի մը, որ իր սկիզբով եւ աւարտով շատ տարբեր չէր նախորդ ցոյցերէն, սակայն հնչած պահանջներով նորութիւն էր Պէյրութի համար:
Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ցուցարարները բարձրացուցին հիմնական չորս պահանջներ, որոնք հետեւեալներն են` երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ, փտածութեան դէմ պայքար, «Բոլորը, այսինքն` բոլորը» կարգախօսին տակ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու պահանջ, ինչպէս նաեւ չորրորդ մը, որն էր Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութիւն, այլ խօսքով` Հըզպալլայի ապազինում:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն սկսեալ ցուցարարները սկսած էին համախմբուիլ Նահատակաց հրապարակին վրայ, եւ դարձեալ լարուածութիւնը տիրական էր անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ, որովհետեւ ցուցարարներուն կողմէ խափանարարական արարքներն ու խուլիկանութիւնները առկայ էին:
Անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումները արձանագրուեցան խորհրդարանի մուտքին, երբ ցուցարարները քարկոծեցին Ներքին ապահովութեան ուժերու խափանարարական արարքները զսպող յատուկ ջոկատը եւ անոնց վրայ պայթուցիկներ տեղացուցին:
Ապահովութեան ուժերը այս արարքներուն պատասխանեցին արցունքաբեր կազեր արձակելով եւ ցուցարարները ցրուել փորձելով:
Ապա ցուցարարները փշրեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող վաճառատուներէն մէկուն ապակեայ ցուցափեղկը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը յայտարարեն, թէ կարելի չէ պետական եւ սեփական կալուածները քանդել, ինչպէս նաեւ խաղաղ ցուցարարներէն պահանջեց հեռանալ խափանարարական արարքներու վայրերէն` պաշտպանելու համար անոնց ապահովութիւնը:
Ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումներուն իբրեւ հետեւանք «Լը Կրէյ» պանդոկին մօտ գտնուող վրանը հրկիզուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ ցուցարարները «Լը Կրէյ» պանդոկին պատերը քանդեն` քարկոծելու համար ապահովութեան ուժերը, որոնք ցուցարարները հեռացուցած էին մինչեւ «Նահար» օրաթերթի կեդրոնատեղի եւ անոնց դէմ մեծ թիւով արցունքաբեր կազեր կ՛արձակէին:
Այս պատճառով ցուցարարները հեռացան եւ հասան մինչեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնը, ուր ապահովութեան ուժերը շարունակեցին զանոնք հալածել:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին Նահատակաց հրապարակին վրայ խաղաղութիւն տիրեց, մինչ ցուցարարները ուղղուեցան Պէյրութի ծովային ճամբուն կողմը եւ ճամբուն մէջտեղ անիւներ հրկիզեցին, որպէսզի ապահովութեան ուժերը իրենց չմօտենան:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու ջոկատ մը իր կարգին համախմբուեցաւ Ռինկի կամուրջին մօտ եւ Խանտաք Ղամիքէն մօտեցող քաղաքացիները ցրուեց դէպի իրենց շրջանի ներքին թաղերը, մինչ Ներքին ապահովութեան ուժերը ցուցարարները կը հեռացնէին Սայֆիի ուղղութեամբ` զանոնք հասցնելով մինչեւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութեան կեդրոն:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան Կարմիր Խաչը յայտարարեց, որ 9 վիրաւորներ փոխադրած է հիւանդանոց եւ տեղւոյն վրայ կրցած է դարմանել 37 թեթեւօրէն վիրաւորուած պարագաներ:
Կեդրոնական Պէյրութի մէջ իրավիճակի հանդարտելէն հազիւ կէս ժամ ետք Այն Ռըմմանէի մէջ կացութիւնը բռնկեցաւ, երբ Շիյահ շրջանէն երիտասարդներ Այն Ռըմմանէի մէջ քարկոծեցին ինքնաշարժներ, բնակարաններ եւ վաճառատուներ:
Լիբանանեան բանակը փորձեց դէմ դնել խափանարարական այդ արարքները պատճառողներուն, բայց եւ այնպէս Այն Ռըմմանէի բնակիչները` հիմնականին մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամներէ եւ այլ քաղաքական ուժերէ, իրենց կարգին համախմբուեցան Աստուածածնայ արձանին մօտ, եւ բախումներ արձանագրուեցան երկու շրջաններու բնակիչներուն միջեւ:
Աւելի ուշ լսուեցան կրակոցներ, որոնց մասին ըսուեցաւ, որ Այն Ռըմմանէի բնակիչները օդը կրակած են` ցրուելու համար յարձակում գործող երիտասարդները:
Լիբանանեան բանակը աւելի խիստ կերպով միջամտելէ ետք` ինքզինք պարտադրեց գետնի վրայ, միւս կողմէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ու Ամալ շարժումի պատասխանատուները հանդարտեցուցին իրենց տղաքը, եւ կարելի եղաւ ապահովական կայունութիւնը վերականգնել` բանակին հսկողութեամբ:
Ուշ գիշերին երկրին մէջ ուրուագծուած ապահովական պատկերը ստացաւ այլ բնոյթ, որ շատ աւելի վտանգաւոր էր, քան յետմիջօրէի բախումները:
Գիշերուան ապահովական իրադարձութիւնները եղան այնպէս, որ Պէյրութի փողոցներուն մէջ սկսան կրակոցներ` Պարպուր շրջանէն մինչեւ Մազրաա, Ուաթա Մսայթպէ, Սաատիյաթ եւ Նաամէ:
Կրակոցները արձանագրուեցան իբրեւ բողոք կրօնական խորհրդանիշ սայիտա Այշայի նկատմամբ սրբապղծութեան փորձի մը դէմ: Այդ փորձը շրջանառութեան մէջ դրուած վիտէօ մըն էր, ուր խումբով տղաք սայիտա Այշայի դէմ հայհոյանքներ կը տեղացնէին:
Պէյրութի արեւմտեան փողոցներուն մէջ զինեալներու թիւը զգալիօրէն շատ էր, եւ կրակոցները պատճառեցին երկու վիրաւոր:
Լիբանանեան բանակին միջամտութեամբ եւ սիւննի ու շիի կրօնական հեղինակութիւններու կողմէ արձանագրուած դատապարտանքներու շնորհիւ միայն կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը եւ մարել քաղաքացիական անվտանգութիւնը խախտող սադրանքը:
Թրիփոլիի մէջ եւս կացութիւնը բռնկեցաւ, ցուցարարներ հրկիզուած անիւներով փակեցին «Նուր» հրապարակը, ինչպէս նաեւ քարկոծեցին Թալլի ոստիկանատունը եւ անոր վրայ յարձակում գործեցին քոքթէյլմոլոթովներ արձակելով:
Թրիփոլիի սերային դիմաց եւս մեծ թիւով ցուցարարներ համախմբուեցան եւ երկրին իշխանութեան դէմ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ կատարեցին, սակայն ապահովութեան ուժերը կրցան զանոնք հեռացնել:
Սայտայի մէջ եւս բողոքի ցոյց մը արձանագրուեցաւ` մերժելու համար սայիտա Այշայի դէմ սրբապղծութիւնը:
Նշենք, որ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր եւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի շաբաթ կէսօրին ուղղուեցան «Հըլու» ոստիկանատուն, ուր անոնք դիմաւորուեցան Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի կողմէ:
Անոնք ստուգեցին որդեգրուած ապահովական բոլոր միջոցառումները` պաշտպանելու համար ցուցարարներուն ապահովութիւնը:
Ֆահմի յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կ՛իյնայ ապահովական բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութեան շրջագիծին մէջ: «Մենք խաղաղ ցուցարարները պիտի պաշտպանենք, սակայն պետական եւ սեփական կալուածներուն վրայ յարձակումը արգիլուած է», ըսաւ ան:
Ֆահմի շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը խափանարարական որեւէ արարքի կամ խուլիկանութեան պիտի միջամտեն:
Իր կարգին, Աքըր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը կատարեալ գործակցութեան մէջ են` հակակշիռի տակ պահելու համար գետնի վրայ ստեղծուելիք զարգացումները:
Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ շաբաթ օրուան ապահովական իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք 25 բանակայիններ վիրաւորուած են` ցուցարարներուն քարկոծումին եւ անոնց նետած պայթուցիկներուն պատճառով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը ձերբակալած է չորս յանցագործներ, որոնք խափանարարական արարքներ կը գործէին. անոնցմէ երկուքը սուտանցի են, մէկը պաղեստինցի, իսկ չորրորդը` սուրիացի:
Բանակը իր հաղորդագրութեամբ ընդգծեց, որ Լիբանան շրջանցած է վտանգաւոր վիհ մը, որուն մէջ կրնար գլորիլ, որովհետեւ ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը թիրախ դարձած էին:
«Կոչ կ՛ուղղենք պատասխանատուութեամբ, գիտակցութեամբ եւ իմաստութեամբ վարուելու` պաշտպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը` երկիրը փրկելու համար նախապատրաստուող սադրանքներէն: Բանակը կոչ կ՛ուղղէ քաղաքացիներուն ներկայ փուլի վտանգին գիտակցելու», շեշտուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Սայիտա Այշայի Դէմ Սրբապղծութեան Փորձը
Դատապարտող Կեցուածքներ
Ինչ կը վերաբերի կրօնական խորհրդանիշ նկատուող սայիտա Այշայի դէմ կատարուած սրբապղծութեան փորձին, Տար Ֆաթուա հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ իսլամները զգուշացուց սադրանքի թակարդին մէջ իյնալէ:
Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ սայիտա Այշայի դէմ նման քայլ մը բոլոր իսլամներուն համար սրբապղծութիւն կը նկատուի:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց սայիտա Այշայի դէմ կատարուածը` հաստատելով, որ կրօնական որեւէ խորհրդանիշի դէմ սրբապղծութիւնը դատապարտելի է: Ան կոչ ուղղեց բոլորին չներքաշուելու նախապատրաստուած սադրանքներու հունին մէջ:
Շէյխ Քապալան հաստատեց, որ նման արարք քաղաքական նպատակներով կը կատարուի եւ միայն սիոնական թշնամիին շահերուն կը ծառայէ, որովհետեւ անիկա մեր միասնականութիւնն ու կայունութիւնը թիրախ կը դարձնէ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խստիւ դատապարտեց կրօնական խորհրդանիշներուն սրբապղծութիւնը` հաստատելով, որ շաբաթ ուշ գիշերին պատահարները զգուշացման զանգեր են:
«Որեւէ համայնքի պատկանող կրօնական խորհրդանիշ սրբապղծելը կամ ծաղրելը ամբողջ լիբանանեան ընտանիքը սրբապղծելու համազօր է: Մենք ազգային մեր դիմադրողականութիւնը իրարմէ կը քաղենք, եւ մեր ուժն ու զօրութիւնը մեր ազգային միասնականութեան մէջ է` ինչ ալ ըլլան քաղաքական մեր տարակարծութիւնները», հաստատեց նախագահ Աուն:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին դատապարտեց սայիտա Այշայի սրբապղծութիւնը` հաստատելով, որ հայրենիքի զաւակներուն եւ նոյն կրօնի զաւակներուն միջեւ սադրանք նախապատրաստող որեւէ ձայն եբրայական ձայն է: Ան հաստատեց, որ սադրանքը իր գլուխը դարձեալ ցցած է եւ կը սպառնայ ահաբեկել լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնն ու թիրախ դարձնել երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
«Հետեւաբար զգուշացէ՛ք սադրանքի այդ բոցերուն մէջ ներքաշուելէ, որովհետեւ այդ հրդեհէն ոչ ոք կրնայ ողջ դուրս գալ», հաստատեց ան:
Պըրրի կոչ ուղղեց բոլորին գիտակցութեամբ եւ իմաստութեամբ զինուելու` անտեսելով բնազդներն ու սանձարձակ հակազդեցութիւնները:
Վարչապետ Հասսան Տիապ կէս գիշերին յայտարարեց հետեւեալը. «Խստիւ կը դատապարտենք համայնքային թէ յարանուանական որեւէ խորհրդանիշի, յատկապէս սայիտա Այշայի սրբապղծումը եւ կոչ կ՛ուղղենք լիբանանցիներուն իմաստութեամբ ու գիտակցութեամբ առաջնորդուելու: Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին գործակցելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հետ, որոնք կը հսկեն երկրին կայունութեան եւ քաղաքացիական ապահովութեան»:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ սայիտա Այշայի դէմ որեւէ սրբապղծութիւն խիստ մերժելի է. ան կոչ ուղղեց չներքաշուելու այնպիսի հակազդեցութիւններու մէջ, որոնք կրնան քանդել քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ կրօնական խորհրդանիշներու սրբապղծումը անընդունելի է` մաղթելով, որ Աստուած Լիբանանը սադրանքներէ փրկէ:
Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ սայիտա Այշայի դէմ կատարուած բացագանչութիւնները կտրականապէս կը մերժէ: «Կը մերժենք ամէն քայլ, որ կ՛առաջնորդէ կրօնական, համայնքային եւ յարանուանական բաժանումի, տարակարծութեան եւ ցնցումի», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ նման պարագաներու ամէնէն ճիշդ քայլը պիտի ըլլայ պետութիւններու խաղին մէջ չներքաշուիլ եւ Լիբանանի ազգային միասնականութեան հաշուոյն սայթաքումներ չարձանագրել:
Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆ հաստատեց, որ շաբաթ ուշ գիշերին վկայած են ապահովական այնպիսի դէպքերու, որոնք աղէտալի են եւ կրնան երկիրը վերադարձնել վայրագութեան քանդիչ արտայայտութիւններուն:
Լիբանանցի գործարար Պահաէտտին Հարիրի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն գիտակցօրէն եւ պատասխանատուութեամբ առաջնորդուելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին նեցուկ կանգնելու:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ շեշտեց, որ կրօնական խորհրդանիշներու դէմ սրբապղծութիւնը ամօթի կնիք մըն է, որ բոլորին կողմէ պէտք է մերժելի ըլլայ: Ան նշեց, որ ատելութիւնը եւ ծայրայեղութիւնը որեւէ կրօնի մէջ տեղ պէտք չէ ունենան:
Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Կատարուած Ցոյցին Մասին
Քաղաքական Կարգ Մը Ուժերու Կեցուածքներ
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ժողովրդային շարժումի ցոյցին հետապնդած նպատակները ապրուստի կը վերաբերին եւ անոնք բարեկարգչական են` աւելցնելով, որ պէտք է յանձնառու մնալ այդ պահանջներուն:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ Հըզպալլայի նկատմամբ իրենց կարծիքը յստակ է եւ անփոփոխ, «սակայն ցոյցի հրապարակը միացեալ պահանջներու համար է եւ ոչ թէ անձնական պահանջներ իրականացնելու», ըսաւ ան` շեշտելով, որ շաբաթ օրուան ցոյցը պէտք է ըլլայ 17 հոկտեմբերին բռնկած տնտեսական եւ ընկերային արդարացի պահանջներ հետապնդող ցոյցին շարունակութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ կարելի չէ յեղափոխութիւն եւ բարեկարգում կատարել, եթէ հարցը իր հիմերէն չլուծուի, «իսկ հիմքը Հըզպալլայի զէնքին բանեցուցած իշխանութիւնն է, որ պէտք է վերացուի», ըսաւ ան:
Նետիմ Ժեմայէլ աւելի ուշ միացաւ Այն Ռըմմանէի մէջ համախմբուած Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երիտասարդներուն, որոնք նահատակ նախագահ Պաշիր Ժեմայէլը ողջունող կանչեր արձակեցին:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին հաստատեց, որ ժողովրդային շարժումին կազմակերպած ցոյցերը պէտք չէ քաղաքականացուին, այլ` միաձայն ըլլան եւ մերժեն իրենց շարքերուն մէջ գտնուող սադրիչները:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ շաբաթ օրուան ցուցարարները Աշրաֆ Ռիֆին է, որ Միրամարի ծովեզերքը թալանած է, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պատերազմի կուսակցութիւններն ու Մարտ 14-ի ջոկատները: Սէյիտ հաստատեց, որ այդ ցուցարարները խուլիկաններ են, որոնք միայն խափանարարական արարքներու ատակ են:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ժողովուրդը իր տնտեսական եւ ընկերային արդարացի պահանջներուն կառչած պէտք է մնայ եւ ընդդիմանայ այդ պահանջները վտանգող ամէն տեսակ փորձի:
Նշենք, որ շաբաթ ուշ գիշերին արձանագրուած դէպքերուն պատճառով, Աուքարի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դիմաց երէկուան ցոյցը ջնջուեցաւ: Դեսպանատան դիմաց կատարուելիք ցոյցին ընթացքին բողոք պիտի արձանագրուէր ամերիկեան վարչակարգին կողմէ ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ ըլլալու քայլերուն դէմ:
ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան վարչապետ Տիապ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Աքըր, Ֆահմի, արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն եւ ապահովական կառոյցներու պետերը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս Պէյրութի վկայած նախանցեալ օրուան դէպքերը:
Ժողովը ընդգծեց երկրին ապահովութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` արգիլելու համար սադրանքներու նախապատրաստութիւնը: