Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

24 Ժամուան Մէջ 50 Նոր Վարակուածներ

Յունիս 5, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1306-ի, Մահուան Պարագաներունը` 28-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 731-ի

«Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարն ու ընդհանուր զօրաշարժը կը շարունակուին:

Կառավարութեան երէկուան որոշումով, այդ զօրաշարժը պիտի տեւէ մինչեւ 5 յուլիս 2020:

Հակառակ կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութեան, դիմակներ կրելու, ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերով երթեւեկելու յորդորներուն, նախազգուշացումներու խախտումները կը շարունակուին:

Խախտումներու իբրեւ հետեւանք 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան 50 նոր վարակուածներ:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1306-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 50 նոր վարակուածներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ 4 յունիսին արձանագրուած է մահ մը. այսպիսով ցարդ «Քորոնա» ժահրով 28 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 731 ուրիշներ` ապաքինած:

Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 50 վարակուածներ, որոնցմէ 42-ը տեղացիներ են, իսկ 8` արտերկրի լիբանանցիներ:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ այսօր պիտի նախագահէ նահանգապետերուն յատուկ ժողովի մը, որոշելու համար Պէյրութ հասնող արտերկրի լիբանանցիներուն վերաբերեալ որդեգրուելիք նոր միջոցառումները, որոնք կ՛ենթադրեն Լիբանան վերադարձող վարակուած պարագաները փոխադրել կառավարական հիւանդանոցներ, իսկ չվարակուած պարագաները` պարտադիր մեկուսացնել:

Հասան նշեց, որ արտերկրի լիբանանցի կին մը Պէյրութ վերադառնալէ ետք իր բնակարանին մէջ հիւրեր ընդունած է, եւ այդ պատճառով ալ Պարժայի մէջ երէկ արձանագրուած են 42 նոր վարակուածներ:

Հասան նկատել տուաւ նաեւ, որ ստորագրած է որոշում մը, որուն համաձայն, 8 յունիս 2020-էն սկսեալ մանկամսուրները իրենց կարողութեան 25 առ հարիւրով վերսկսին գործել:

Նշենք, որ Լեռնալիբանանի նահանգապետ, դատախազ Մոհամետ Մաքքաուի հրահանգեց Պարժա-Շուֆ շրջանին մէջ երեք թաղամասեր անմիջապէս շրջափակել` նկատի ունենալով այդ շրջանին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի աճը:

Մաքքաուի պահանջեց ստուգել դէպի շրջափակուած թաղեր մուտքն ու ելքը, որպէսզի առողջապահական նախարարութեան անձնակազմերը կարենան հակակշիռի տակ առնել համաճարակին տարածումը:

Հարկ է աւելցնել նաեւ, որ 11-19 յունիսին «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի գործադրէ արտերկրի լիբանանցիներու Պէյրութ փոխադրութեան Դ. փուլը:

Նախորդը

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերը Կատարեցին Միօրեայ Բողոքի Նստացոյց Մը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Ընդհանուր Զօրաշարժը Երկարաձգեց Մինչեւ 5 Յուլիս

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?