Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կապի Իսա. «Սիզըր» Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Օրէնքը Ուղղակիօրէն Լիբանանին Չի Վերաբերիր»

Յունիս 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսա յայտնեց, որ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքը ուղղակիօրէն Լիբանանին չի վերաբերիր` զարմանք յայտնելով, թէ ինչո՞ւ Լիբանանի մէջ այդ օրէնքը իր չափէն աւելի մեծ տարողութեամբ կը դիտուի:

«Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքը կրնայ լիբանանեան պետութեան վրայ իր հետեւանքները ունենալ, սակայն կը փորձենք լուծել հաւանական այդ հետեւանքները եւ մնայուն կապի մէջ ենք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին եւ պատասխանատուներուն հետ: Ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ Լիբանան «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքէն չազդուի», ըսաւ Իսա` աւելցնելով, որ այդ օրէնքը կրնայ իր ուղղակի հետեւանքը ունենալ կարգ մը հաստատութիւններու եւ անհատներու վրայ, որոնք ուղղակիօրէն սուրիական վարչակարգին հետ կը գործակցին:

Իսա յայտնեց, որ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքը կը ճշդէ զինուորական հարցեր, սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերակառուցման թղթածրարը: «Ես մնայուն կապի մէջ եմ ամերիկեան վարչակազմին հետ, սակայն եթէ պարզուի, որ Լիբանան կը խախտէ այդ պատժամիջոցներուն գործադրութիւնը, ապա ամերիկեան կողմը կրնայ հաղորդակցիլ մեզի հետ եւ այս մասին յայտնել, հետեւաբար մենք կ՛աշխատինք լուծումներ գտնել», ըսաւ ան:

Հըզպալլայի քաղաքական դաշնակիցներուն դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներ պարտադրելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կապի Իսա յայտնեց, որ նման արտայայտութիւններ կ՛օգտագործուին ներքին լիբանանեան առումով քաղաքական նպատակներ իրականացնելու համար: «Ես ոչ ոք կը պաշտպանեմ, սակայն իրականութեան մէջ պատժամիջոցներուն մասին խօսքերը անճիշդ են», յայտնեց ան:

Իսա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներուն համար Լիբանանը կարեւոր է, սակայն առաջնահերթ չէ: «Լիբանանի կառավարութեան մասին ամերիկեան վարչակազմին կարծիքը կը մնայ նոյնը, այսինքն` սպասողական: Ամերիկեան վարչակազմը Լիբանանի կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն չի նկատեր, այլ` կը հաւատայ, որ Հըզպալլա անոր վրայ որոշ ազդեցութիւն մը ունի: Ամերիկեան վարչակազմին համար կարեւորագոյնը կը մնան կառավարութեան իրագործումներն ու բարեկարգումներու գործադրութիւնը: Հըզպալլայի մասին ամերիկեան վարչակազմին կեցուածքը կը մնայ անփոփոխ», շեշտեց ան:

Լիբանան վերադարձող արտերկրի լիբանանցիներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Իսա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմակերպած տունդարձի թռիչքներուն Բ. եւ Գ. փուլերուն մէջ Միացեալ Նահանգները ներառուած էին` աւելցնելով, որ 11-15 յունիս տեղի ունենալիք Դ. փուլին ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող կարգ մը արտերկրի լիբանանցիներ պիտի վերադառնան Պէյրութ:

 

Նախորդը

«Ալֆա» Եւ «Թաչ» Կը Դառնան Պետական Կառոյց Եւ Կ՛ունենան Նոր Անձնակազմեր

Յաջորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդգծեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Իր Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?