
Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ բուռն կերպով դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները Լիբանանի ուղղութեամբ` զանոնք նկատելով Լիբանանի ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը խախտող քայլեր, որոնք կը հակասեն այս գծով որդեգրուած միջազգային օրէնքներուն եւ որոշումներուն: