Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԹԱՐԻՔ Ժտիտէի մէջ բանավէճ մը սաստկանալով վերածուեցաւ փոխադարձ զինարձակումի եւ դանակոծումի` պատճառելով վիրաւորներ: Ապահովական պատկան ուժեր միջամտեցին եւ քննութիւն բացին դէպքին շուրջ: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, դէպքը վերանորոգուած է նախապէս նշուած շրջանին մէջ վաճառատուներէն ապօրինի տուրքի պահանջով ծագած վէճի մը պատճառով: Իսկ այլ աղբիւրներու համաձայն, դէպքը հետեւանք է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ անոր եղբօր` Պահայի միջեւ տիրող մրցակցութեան հակադրութեան:

. ԲԺՇԿԱԿԱՆ մարզի անդամներուն դէմ յաճախակիօրէն կրկնուող յարձակումներուն դէմ իբրեւ բողոք, երէկ բժիշկներու սենտիքան որոշեց միօրեայ բողոքի գործադուլ կատարել չորեքշաբթի, 10 յունիս 2020-ին: Այս քայլէն զերծ պիտի մնան անմիջական հրատապ կարիքներու ընդառաջող բժշկական անձնակազմերը:

. ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպպալլա երէկ շրջեցաւ Պեքաայի, Պաալպեքի եւ Պընթ Ժպէյլի շրջաններուն մէջ` մօտէն հետեւելով տեղւոյն  գործարաններու իրավիճակին: Ան խոստացաւ ճիգ չխնայել զարկ տալու համար ճարտարարուեստի մարզին եւ որդեգրելու անհրաժեշտ միջոցառումներ:

. ԿԱՐԳ մը փաստաբաններ երէկ դատական հայց յարուցեցին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ` զայն ամբաստանելով իր պարտականութեան մէջ թերացման, փտածութեան եւ առնչակից «յանցանքներով»:

. ՊԱԱԼՊԵՔԻ շրջանին մէջ կարգ մը տեղացիներ բռնի ուժով ընդդիմացան Ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ խումբին դէմ, որ կ՛ուղղուէր Նահլէ շրջանին ուղղութեամբ, եւ արգիլեցին ապահովական խումբին յառաջացումը:

. ԴԱՏԱԽԱԶ Ղասսան Օուէյտաթ յառաջիկայ երկուշաբթի օր իր մօտ հարցաքննութեան կանչեց Լեռնալիբանանի դատախազ Ղատա Աունը` այս վերջինիս հասցէին կատարուած բողոքներու լոյսին տակ:

 

Նախորդը

Նեխած Բան Մը Սպիտակ Տան «Թագաւորութեան» Մէջ…

Յաջորդը

Նախարար Նասիֆ Հըթթի Դատապարտեց

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?