Իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր երէկ գիշեր Լիբանանի օդային տարածքին մէջ ցած բարձրութեամբ թռիչքներ կատարեցին: Անոնց ձայնը լսուեցաւ Ժըպէյլի, Քեսրուանի եւ այլ շրջաններու մէջ:
«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, իսրայէլեան չորս օդանաւեր խախտած են Լիբանանի օդային տարածքը եւ Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածած: ՍԱՆԱ իր կարգին հաղորդեց, որ Սուրիական օդային պաշտպանութեան ուժերը Համայի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մսիաֆի մէջ դէմ դրած են իսրայէլեան յարձակումի մը: