Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի:
Նիստէն ետք Ժապեր յայտնեց, որ քննարկուած են Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կարեւորութիւնը, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գոյութիւնն ու դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական-ելեւմտական տագնապի լուծման կարելիութիւնները:
Ժապեր հաստատեց, որ Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը շեշտած է, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կը փափաքի, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի` նկատի ունենալով անոնց ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը:
Ժապեր յայտնեց, որ Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը իր կարգին այցելած է Նաքուրա եւ հաստատած այդ դերակատարութեան կարեւորութիւնը: «Իբրեւ ՄԱԿ-ի հիմնադիր երկիրներէն մէկը, Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը պատմական է, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը 14 տարուան սահմանային կայունութիւն կրցած են իրագործել, եւ մեզի համար սահմանային կայունութեան պահպանումը կարեւոր է», ըսաւ Ժապեր:
Ան յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն նկատմամբ պաշտօնական եւ ժողովրդային հիւրընկալում կայ` շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ ցուցաբերուած բարգաւաճման դերակատարութեան համար անոր իսկ գտնուած վայրերուն մէջ:
Ժապեր ընդգծեց, որ Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը կը վերահաստատէ հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանին ցուցաբերած կեցուածքը, որուն հիման վրայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը պէտք է մէկ տարիով երկարաձգուի` առանց անոնց թիւին, պարտականութիւններուն կամ յատկացուած պիւտճէին մէջ փոփոխութիւններ արձանագրելու:
Անդրադառնալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին` Ժապեր յայտնեց, որ խորհրդարանը օրէնսդրական իր աշխատանքին ընդմէջէն կը մշակէ նոր բանաձեւեր, որոնք անհրաժեշտ են` յաջողցնելու համար կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը:
Իր կարգին, Քիւպիչ բարձր գնահատեց կառավարութեան տարած աշխատանքը, որուն շնորհիւ Լիբանան յաջողեցաւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը հակակշիռի տակ պահել եւ անոր դէմ պայքարիլ:
Քիւպիչ դրուատեց լիբանանցի քաղաքացիներուն առողջութեան ի խնդիր լիբանանեան պետութեան որդեգրած քայլերը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է յաջողութիւն արձանագրէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր վարած բանակցութիւններուն մէջ, որովհետեւ այդ յաջողութեամբ ո՛չ միայն երկրին նիւթական օժանդակութիւն եւ դրամական վարկեր պիտի ապահովուին, այլ նաեւ` Լիբանանի մշակած տնտեսական ծրագիրին նկատմամբ վստահութիւն յայտնուած պիտի ըլլայ, եւ ինքնաբերաբար Լիբանան յաւելեալ զօրակցութեան պիտի արժանանայ տնտեսական այդ ծրագիրին գործադրութեան համար: