Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Սիզըր» Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Օրէնքը Բռնատիրական Է Եւ Կը Դրսեւորէ Ամերիկեան Ժողովրդավարութեան Կեղծիքը»

Յունիս 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստին ընթացքին պլոքը շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խանգարող պայմանները, ինչպէս նաեւ ելեւմտական եւ ապրուստի տագնապները վնաս կը հասցնեն բոլորին, ինչպէս նաեւ երկիրը կը դնեն ընկերային սուր ցնցումներու վտանգին դիմաց:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս կացութիւնը կրնայ աւելի եւս բարդանալ եւ երկրին մէջ որդեգրուած սխալ քաղաքականութիւններուն իբրեւ հետեւանք` գրեթէ հիւծած ընկերային եւ տնտեսական ողնաշարին մնացորդացը եւս փուլ բերել:

«Եթէ ոմանք այս կամ այն պատճառով հրաժարած են կառավարութեան հետ գործակցելէ, պէտք է իմանան, որ այդ աշխատանքը արգելակող խոչընդոտները շինծու են եւ կը միտին այդ աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը կասեցնել` ամերիկեան քաղաքական ճնշումներուն ենթարկուելով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շեշտեց, որ լիբանանցիներուն մէջ ապրուստին եւ երկրին կայունութեան սպառնալը վատագոյն արարքն է, որուն հակամէտ ըլլալուն մէջ ոչ մէկ գրաւչութիւն կայ: «Աւելի՛ն. նման պահանջներու ընդառաջել կը նշանակէ կամովին սայթաքիլ դէպի լարուած այն թակարդները, որոնք Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին հաշուոյն` կ՛իրագործեն թշնամի Իսրայէլին շահերը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միջազգային առումով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը հաստատեց, որ ափրիկեան արմատներով քաղաքացիներուն դէմ ցեղապաշտութիւնը կը բացայայտէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքակիրթ ըլլալուն կեղծիքը, ինչպէս նաեւ կը փաստէ անոնց կողմէ ընկերային արժէքներու օրէնքներու գործադրութան յանձնառութեան խախուտ իրականութիւնը:

Անդրադառնալով «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքին` Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը հաստատեց, որ անիկա բռնատիրական է եւ կը դրսեւորէ ամերիկեան ժողովրդավարութեան կեղծիքը:

«Այդ օրէնքը Սուրիան ու սուրիացի ժողովուրդը չի կրնար ծունկի բերել եւ ամերիկեան քմահաճոյքին ենթակայ դարձնել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաւատարմութիւնը դիմադրութեան պլոքը խստիւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ օգտագործուած այս ոճը եւ անոր հիման վրայ որդեգրուած բոլոր քայլերը, «որոնք իրենց նպատակներուն պիտի չկարենան ծառայել, որովհետեւ մենք մեր գոյատեւման հզօր կամքով պիտի դիմադրենք անոնց», եզրափակուեցաւ հաղորդագրութիւնը:

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդգծեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Իր Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան. «Բջիջային Հեռաձայնի Ընկերութիւններու Տնօրէն Խորհուրդներուն Մէջ Հայ Անդամ Մը Չըլլալու Դէմ Բողոքս Կը Բխի Ներկայացուցչութեան Ամբողջականութիւնն Ու Բազմազանութիւնը Պահպանելու Յանձնառութենէս»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?