Համախմբումը Պահանջեց Կառավարութեան Եւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Միջեւ Բանակցութիւնները Արագացնել Եւ Ելեւմտական Մարզի Նշանակումները Կատարել
Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց ելեկտրոնային իր նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ելեւմտական, տնտեսական եւ առողջապահական տագնապները: Համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ աշխարհին վկայած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները պիտի մղեն, որ մեծ թիւով երկիրներ Միջազգային դրամական ֆոնտէն օժանդակութիւն խնդրեն, ինչ որ պիտի դժուարացնէ սոյն ֆոնտին` Լիբանանին օժանդակելու կարելիութիւնը: Այս շրջագիծին...




















