Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսական Տագնապին Եւ «Քորոնա»-ի Ժահրի Համավարակին Միջեւ Կքած Լիբանանցիներու Հայեացքները Սեւեռած Են 6 Յունիսի Բողոքի Ցոյցերուն Վրայ

Յունիս 6, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ Լիբանան եւ անոր բնակիչները կքած են մէկ կողմէ տնտեսական տագնապին եւ միւս կողմէ «Քովիտ-19» համավարակին միջեւ, լիբանանցիներու եւ առհասարակ տեղական թէ արտաքին շրջանակներու ու հանրային կարծիքի հայեացքները սեւեռած են այսօր` շաբաթ, 6 յունիս 2020-ին նախատեսուող ժողովրդային պահանջատիրական բողոքի ցոյցերուն վրայ:

Արդարեւ, 17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած բողոքի ցոյցերը առաւել եւս սրեցին երկրին մէջ տիրող առանց այդ ալ տնտեսական տագնապը` զայրոյթի եւ յուսալքումի ալիք ստեղծելով քաղաքացիներուն մօտ: Բազմաթիւ գործատեղիներ տեղի տալով տնտեսական տագնապին եւ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառած հետեւանքներուն` սկսան փակել իրենց դռները եւ գործէ արձակել հարիւրաւոր աշխատաւորներ: Անգործութիւնը հասած է աւելի քան աշխատուժի յիսուն առ հարիւր համեմատութեան:

17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած ցոյցերուն երկրորդ ալիքը նկատուող այս օրուան բողոքի ելոյթները որոշ մտահոգութիւններ կ՛առթեն երկրի վարիչներուն մօտ, շրջան ընող քուլիսային այն տեղեկութիւններու լոյսին տակ, թէ այդ ցոյցերը տնտեսական եւ ապրուստի պահանջներու պիտակին տակ կը սպառնան երկրին իշխանութիւններուն փոփոխութեան: Հայեացքները սեւեռած են այսօրուան ցոյցերուն որդեգրելիք կեցուածքներուն եւ անոնց ստանալիք ուղղութեան ու հետեւանքներուն վրայ:

Ցուցարարներուն պահանջները կը տարուբերին տնտեսական, քաղաքական, ապահովական եւ ընկերային մարզերուն մէջ արձանագրուող թերացումներուն կամ բացթողումներուն միջեւ: Լիբանանեան զանազան շրջաններէն ցուցարարներ կոչեր հրապարակեցին համախմբուելու այսօր` շաբաթ երեկոյեան, Պէյրութի կեդրոնական հրապարակին վրայ: Անոնք կը պահանջեն խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ, փտածութեան դէմ ազդու եւ գործնական միջոցառումներու որդեգրում, ընկերային մարզին մէջ հաւասարութեան սկզբունքի կիրարկում, եռապատկուած սղաճի դարմանում, լիբանանեան թղթոսկիի վերարժեւորում, աշխատավարձերու յաւելում եւ պատշաճեցում ամերիկեան տոլարի ելեւէջող սակին համաձայն, դատական կառոյցներու անկախ գործունէութիւն, հեռու` քաղաքական կողմերու թէ անձնաւորութիւններու միջամտութենէն եւ ազդեցութենէն: Պահանջները կ՛ընդգրկեն նաեւ խնդրայարոյց հարցեր, ինչպէս` զինեալ  երեւոյթներու վերացում եւ երկրի ապահովութեան պարտականութիւնը միայն լիբանանեան բանակին եւ յարակից ուժերուն վստահելու պահանջը: Փաստօրէն, ցուցարարներու կարգ մը խմբակներու ներկայացուցիչներ յայտարարեցին, թէ իրենք կը բողոքեն հիմնականին մէջ տնտեսական ու ապրուստի պայմաններու բարելաւման պահանջով եւ զինեալ տարրերու հարցին դասաւորումը կը նկատեն քաղաքական հարց: Այս ծիրին մէջ հանգստեան կոչուած նախկին բանակայիններու յանձնախումբը երէկ յայտարարեց, թէ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ այսօրուան ցոյցին, մինչ նոյն մարզի տարբեր ներկայացուցիչ մը կոչ ուղղեց հանգստեան կոչուած նախկին բանակայիններուն մասնակցելու այսօրուան բողոքի ելոյթներուն:

Նմանապէս, բողոքի ցոյցեր արդէն իսկ ընթացք առին երէկ` ուրբաթ երեկոյեան, Սայտայի եւ Թրիփոլիի մէջ: Սայտայի մէջ ցուցարարները մերժեցին մասնակցիլ այսօրուան բողոքի ելոյթներուն եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին երկիրը, յատկապէս` Հարաւը իսրայէլեան թշնամիին դէմ պաշտպանող ուժերուն:

Իսկ Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակին վրայ երկու հակադիր բողոքի ելոյթներ կազմակերպուեցան` լիբանանեան բանակէն տարբեր զինեալ խմբաւորումներուն գծով, յայտնօրէն ակնարկելով Հըզպալլայի ուժերուն: Ցուցարարներու մէկ խումբը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Դիմադրութեան ուժերուն` նշելով, որ նման  ցոյցեր արտաքին կողմերէ հրահրուած են, մինչ հակադիր խումբը պահանջեց ապազինել բոլոր զինեալ ուժերը բացի լիբանանեան բանակէն, ինչպէս նաեւ թիւ 1559 որոշումին գործադրութիւնը:

Կանխազգուշական Միջոցառումներ

Իր կարգին, երկրի քաղաքական թէ ապահովական պատկան ղեկավար մարմիններ որդեգրեցին կանխազգուշական քայլեր` հրապարակելով համապատասխան որոշումներ: Այս իմաստով, վարչապետ Հասան Տիապ կոչ ուղղեց պաշտպանուելու «Քորոնա» ժահրին դէմ ` պաշտպանիչ դիմակներու պարտադիր գործածութեամբ, չփակելու երթեւեկի ճամբաները եւ զգուշանալու խափանարարական արարքներէ:

Նախորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան. «Բջիջային Հեռաձայնի Ընկերութիւններու Տնօրէն Խորհուրդներուն Մէջ Հայ Անդամ Մը Չըլլալու Դէմ Բողոքս Կը Բխի Ներկայացուցչութեան Ամբողջականութիւնն Ու Բազմազանութիւնը Պահպանելու Յանձնառութենէս»

Յաջորդը

«Մոռցա՞ծ Էք` Հայերը Ազրպէյճանցիներուն Հետ Չեն Կրնար Համաձայնիլ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?