Պըրրի. «Բժիշկներու Խոշտանգումը Արգիլուած Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Բժիշկներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին բժշկական մարզն ու անոր կարիքները, ինչպէս նաեւ բժիշկներուն դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները: Պըրրի ընդգծեց, որ բժիշկներու խոշտանգումը արգիլուած է եւ անոնց դէմ վայրագութիւնն ու խափանարարական արարքները խիստ մերժելի են: Պատուիրակութիւնը Պըրրիի առաջարկեց երկու օրինագիծեր, որոնք կը միտին...


















