Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 5, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ ինք աւելի քան հինգ տարի է, որ Սուրիա չէ այցելած` աւելցնելով, որ Սուրիա իր այցելութիւնը պիտի կատարուի երկու երկիրներուն շահերը, յատկապէս Լիբանանի շահերը ապահովելու նպատակով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի հաստատեց, որ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընդարձակ զօրակցութիւն կայ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ հաստատեց, որ նախարարութիւնը շուկային մէջ գտնուող սննդեղէնի տարրական արտադրութիւններու սակերու նուազեցման գործողութիւնը պիտի հետապնդէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային վրայ գործուած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութենէն առաջ Լիբանանի մէջ կային 136 ապօրինի անցքեր, որոնց թիւը այսօր կը տարուբերի 8-12-ի միջեւ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը զօրակցի պահանջատիրական այն ցոյցերուն, որոնք իրաւացի դատեր կը պաշտպանեն: Սաատ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է սկսի ապօրինի զէնքի թղթածրարը լուծելու` սկսեալ պաղեստինեան զէնքէն` հասնելով Հըզպալլայի զէնքին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ լիբանանցիները գոյատեւելու կարողութիւնը ունին եւ աւելի հզօր ու վճռակամ դուրս պիտի գան երկիրը յուզող տագնապէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մայ Շիտիաք երէկ յայտնեց, որ Հըզպալլա մեղսակից է մեծ քանակութեամբ ամերիկեան տոլար Սուրիա մաքսանենգելու գործողութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ երէկ յայտնեց, որ շաբաթ օրուան ցոյցերուն վտանգը կը կայանայ «Քորոնա» ժահրին դէմ որդեգրուած նախազգուշութիւնները խախտելու մէջ եւ ոչ թէ` փողոց իջնելուն, որովհետեւ դրամատուներուն վարուելակերպը եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժէքը զայրացուցած է ժողովուրդը: «Այս իմաստով ես կը զօրակցիմ խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ժողովրդային ցոյցերուն», ըսաւ Պարուտ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանան ոչ մէկ շահ ունի «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցի օրէնքին դիմադրելու` աւելցնելով, որ Լիբանան` թէ՛ պետական կառոյցներով, եւ թէ անձնական ընկերութիւններու մակարդակով Սուրիոյ հետ իր գործակցութեան գինը սուղ պիտի վճարէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց` Լիբանանեան համալսարան յաճախող 60 հազար ուսանողներուն ճակատագիրը փրկելու` նկատի ունենալով, որ անոնց ուսման տարեշրջանի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ:

Նախորդը

Արամ Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

«Պիպլոս» Դրամատան Տնօրէններէն Անթուան Տաղեր Կը Սպաննուի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?