Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Միւնիխի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Լիբանանի փոխվարչապետին միջեւ կայացած զրոյցին ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակուեցան հայ-լիբանանեան բարեկամական համագործակցութեան շրջագիծին մէջ գտնուող շարք մը հարցերու մասին:
Քննարկուեցան նաեւ հայ-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին մէջ ռազմական եւ սպառազինումի համագործակցութեան ընդլայնումը եւ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկելու կարեւորութիւնը:
Դեսպան Աթաբէկեան եւ Աքըր քննարկեցին նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները` այդ առնչութեամբ ընդգծելով հայ-լիբանանեան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:



