Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1446-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 868-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1446-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 868-ի

Ինքնաշարժի Զոյգ Եւ Անզոյգ Թիւերով Երթեւեկելու Օրէնքը Ջնջուած Է Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1422-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 4 նոր վարակուածներ` բոլորն ալ տեղացիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 868 ուրիշներ` ապաքինած: Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ ինքնաշարժի զոյգ եւ...

Բանակը Ապահովեց Ազատութիւնը 23 Պատանդներու

Բանակը Ապահովեց Ազատութիւնը 23 Պատանդներու

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պրիթելի մէջ կրցած է ապահովել ազատութիւնը  23 պատանդներու: Նշենք, որ զինեալ աւազակախումբ մը 15 օր առաջ առեւանգած էր լիբանանցի եւ սուրիացի 23 քաղաքացիներ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՅՍՕՐ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի հովանաւորէ հաշտութիւն մը` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի միջեւ: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` երեքշաբթի, 16 յունիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ եւ վարչական բարեկարգումի նախարար Տըմիանոս Քաթթար յայտնեց, որ ամերիկեան...

Կառավարութեան Արտակարգ Նիստերը Յատկացուեցան Ելեւմտական Տագնապը Փարատելու Ջանքերու Քննարկումին` Բացառելով Ռիատ Սալամէի Պաշտօնազրկումը

Կառավարութեան Արտակարգ Նիստերը Յատկացուեցան Ելեւմտական Տագնապը Փարատելու Ջանքերու Քննարկումին` Բացառելով Ռիատ Սալամէի Պաշտօնազրկումը

Կառավարութիւնը երէկ գումարեց  արտակարգ զոյգ նիստեր, որոնցմէ առաջինը կայացաւ առաւօտեան` վարչապետարանին մէջ, իսկ երկրորդը յետմիջօրէին` նախագահական պալատին մէջ: Զոյգ նիստերուն միջեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Իշխանութեան երեք պետերը քննարկեցին երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ, թէեւ ինք սովորաբար չի սիրեր լրագրողներուն հետ զրուցել...

Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչ Ալեք Մուրատեան Կատարեց Իր Երդման Արարողութիւնը

Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչ Ալեք Մուրատեան Կատարեց Իր Երդման Արարողութիւնը

Չորեքշաբթի, 10 յունիս 2020-ին կառավարութիւնը կատարեց ելեւմտական եւ տնտեսական մարզի շարք մը նշանակումներ: Նշանակուած պաշտօնեաները, որոնց շարքին Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեք Մուրատեան, երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ տուին իրենց երդումը` ներկայութեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Հասսան Տիապի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի:

Տնտեսական Վատթարացող Կացութեան Դէմ Բողոքի Արտայայտութիւնները Խուլիկանութիւններու Վերածուելով`  Նոյն Թափով Կը Շարունակուին

Տնտեսական Վատթարացող Կացութեան Դէմ Բողոքի Արտայայտութիւնները Խուլիկանութիւններու Վերածուելով` Նոյն Թափով Կը Շարունակուին

Կեդրոնական Պէյրութն ու Թրիփոլին երէկ դարձեալ վկայեցին ժողովրդային շարժումին կազմակերպած ցոյցեր, որոնց ընթացքին խափանարարական արարքները, սեփական եւ պետական կալուածներու քանդումը, անիւներու հրկիզումը, բանակայիններն ու Ներքին ապահովութեան ուժերը քարկոծելն ու զանոնք պայթուցիկներու թիրախ դարձնելը մնացին տիրական: Ցուցարարները բողոքեցին տիրող տնտեսական տագնապին եւ հետզհետէ վատթարացող ելեւմտական իրավիճակին, յատկապէս` ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած անկումին դէմ: Երէկ գիշեր Նահատակաց հրապարակին վրայ, ներքին...

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Պիտի Վերաբացուի 1 Յուլիսին

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Պիտի Վերաբացուի 1 Յուլիսին

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1422-ի, Մահուան Պարագաներունը` 31-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 853-ի Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1422-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 20 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 13-ը տեղացիներ են, իսկ 7-ն` Պէյրութ ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 31 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 853 ուրիշներ ապաքինած:...

Ժեմայէլ Զարմանք Կը Յայտնէ, Իսկ Աքըր Անոր Վերաբերումը Զրպարտութիւն Կ՛որակէ

Ժեմայէլ Զարմանք Կը Յայտնէ, Իսկ Աքըր Անոր Վերաբերումը Զրպարտութիւն Կ՛որակէ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք դէպի Սուրիա մաքսանենգուող մազութին եւ ալիւրին մասին հարցադրում մը յղած է կառավարութեան` աւելցնելով, որ այսօր ցնցուած կը զգայ, որովհետեւ պաշտպանութեան նախարարութենէն ստացած է պատասխան մը, որուն մէջ նախարարութիւնը ժամանակ կը խնդրէ այդ մասին տեղեկութիւններ հաւաքելուն: Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Ժեմայէլի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ներկայ իշխանութիւնն ու կառավարութիւնը ժողովուրդը կը մղեն դէպի անորոշութիւն` երկրին տնտեսութիւնը վերածելով քաղաքական հաշիւներ մաքրելու նպատակով օգտագործուած պատանդի: Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնազրկումին վերաբերող սպառնալիքները տնտեսական, քաղաքական եւ սահմանադրական խենթութիւն են, որոնք երկրին տնտեսութիւնը պիտի սպաննեն»: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ...

Լիբանանի Մէջ Տնտեսական Տագնապին  Եւ Սղաճին Դէմ Բողոքի  Ցոյցերը Դարձեալ Բռնկեցան

Լիբանանի Մէջ Տնտեսական Տագնապին Եւ Սղաճին Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Դարձեալ Բռնկեցան

Լիբանանի տնտեսական տագնապին, սղաճին եւ հիմնականին մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին եւ կայուն պաշտօնական սակ գոյութիւն չունենալու իրականութեան դիմաց, լիբանանեան ժողովրդային շարժումին կազմակերպութեամբ, երէկ գիշեր ամբողջ երկրին տարածքին արձանագրուեցան բողոքի ցոյցեր: Այդ ցոյցերը կատարուեցան լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Կեդրոնական Պէյրութի, Ժալ էլ Տիպի, Զուքի, Սայտայի, Նապաթիէի եւ Թրիփոլիի: Ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին Ռինկի կամուրջը, Կեդրոնական Պէյրութը, Նահատակաց...

«Խիստ Մերժելի Է, Որ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Միջեւ Բախումները Պատճառ Դառնան Քաղաքացիներուն Ընկերային Անվտանգութեան Խախտումին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Երեսփոխան Բագրատունի Հակահայ Յայտարարութիւններուն Հարցով Կը Դիմէ Ապահովական Կառոյցներուն Եւ Դատական Իշխանութեան

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, լիբանանահայ լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանի յայտագիրին ընթացքին եւ անկէ ետք ստեղծուած հակահայ մթնոլորտին լոյսին տակ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի հետ եւ անոր ըսաւ, թէ այս հարցով ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած տեսանիւթը կը կրէ համայնքային սադրանքի հրահրման բնոյթ: Ան կոչ ուղղեց պետական մարմիններուն անմիջապէս առաջքը առնելու նման մթնոլորտի:...

Վարչապետ Տիապ Քննարկեց Քաղաքացիական  Պաշտպանութեան Ուժերը  Ամրագրելու Կարելիութիւնները

Վարչապետ Տիապ Քննարկեց Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերը Ամրագրելու Կարելիութիւնները

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթարի եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու կամաւորներուն մէկ պատուիրակութեան հետ քննարկեց քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամրագրելու կարելիութիւնները: Վարչապետ Տիապ խոստացաւ հետապնդել Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամրագրելու թղթածրարը եւ զօրակցիլ անոնց: Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ գումարելու այլ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին խնդրոյ առարկաներուն հետ աշխատանք պիտի տարուի`...

Հըթթի Քիճիանէն Ստացաւ Չինաստանի Կողմէ  Լիբանանին Տրամադրուած  Հիւանդանոցային Օժանդակութիւնը

Հըթթի Քիճիանէն Ստացաւ Չինաստանի Կողմէ Լիբանանին Տրամադրուած Հիւանդանոցային Օժանդակութիւնը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որ Հըթթիին յանձնեց Չինաստանի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած հիւանդանոցային օժանդակութիւն մը: Հըթթի բարձր գնահատեց չինական պետութեան նուէրը Լիբանանին` հաստատելով, որ առողջապահական մարզը երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան հիմնական խորհրդանիշն է: Հըթթի շեշտեց, որ առաջին անգամը չէ, որ Չինաստան նման օժանդակութիւն մը կը...

Ֆահմի Ընդունեց Պէյրութի  Նոր Նշանակուած Նահանգապետը

Ֆահմի Ընդունեց Պէյրութի Նոր Նշանակուած Նահանգապետը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պէյրութի նոր նշանակուած նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ֆահմի յաջողութիւն մաղթեց Ապպուտին` մաղթելով, որ անոնց միջեւ գործակցութիւնը հեզասահ ըլլայ: Մարուան Ապպուտ այցելեց նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց Պէյրութին վերաբերող եւ մայրաքաղաքին ծառայելու իր ուղեգիծին...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը  Պէյրութի Եւ Պաապտայի Արդարութեան Պալատներուն  Դիմաց Գործադրեց Բողոքի Ցոյցեր

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Պէյրութի Եւ Պաապտայի Արդարութեան Պալատներուն Դիմաց Գործադրեց Բողոքի Ցոյցեր

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը երէկ բողոքի ցոյցեր կատարեց Պէյրութի եւ Պաապտայի Արդարութեան պալատներուն դիմաց` պահանջելով խարդախուած նաւթի թղթածրարին հետապնդումը շարունակել մինչեւ վերջ, որպէսզի փտածութեան դէմ պայքարի այդ թղթածրարները դատարաններուն դարակներուն մէջ չմնան: «Ճշմարտութիւնը կը պահանջնեք» խորագիրը կրող բողոքի այս ցոյցերուն ընթացքին պահանջուեցաւ դատական իշխանութեան եւ դատաւորներուն ժողովրդային նեցուկ ապահովել, որպէսզի անոնք կարենան փտածութեան դէմ իրենց պայքարն...

«Վարչապետը Սահմանադրական Իր Իրաւասութիւններուն Համաձայն Կը Ստանձնէ Կառավարութեան Կազմութեան Իր Պատասխանատուութիւնը»   Շեշտեցին Հարիրիի Աղբիւրները

Հարիրի. «Տնտեսական Փլուզումը Ընթացքի Մէջ Է, Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Արժեզրկուիլ Եւ Ասիկա Շատ Վտանգաւոր Է»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական փլուզումը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակը կարելի չէ պահել, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ, «եւ ասիկա շատ վտանգաւոր է եւ պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն մեծ վնաս հասցուցած է», ըսաւ Հարիրի: Ան նշեց,...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 1402-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը`  31-ի, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 843-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1402-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը` 31-ի, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 843-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1402-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 14 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 11-ը տեղացիներ են, իսկ 3-ը` Պէյրութ ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 31 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 843 ուրիշներ` ապաքինած: Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին սկսաւ արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու Դ. փուլը, որ պիտի տեւէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա հաստատեց, որ ճարտարարուեստը տնտեսութեան հիմքերէն մէկն է` ընդգծելով, որ «մենք մշակած ենք գործիքակազմ մը` օժանդակելու համար ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն»: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղատա Շրէյմ հաստատեց, որ կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին ինք պնդած է Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներու ամսական աշխատավարձերը նուազեցնելու անհրաժեշտութեան վրայ: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ նշեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ Լիբանանի իշխանութիւնը զինուորական դառնայ, «ոչ այն...

Ալեք Մուրատեան Նշանակուեցաւ  Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչ

Ալեք Մուրատեան Նշանակուեցաւ Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչ

Երկար սպասումէ ետք, Լիբանանի կառավարութիւնը երէկ Պաապտայի մէջ գումարած իր նիստին կատարեց վարչական եւ ելեւմտական մարզերու պետական պաշտօնեաներու նշանակումները: Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի երկարատեւ ջանքերով, հայ առաքելական համայնքին յատկացուած փոխկառավարիչի պաշտօնին վրայ նշանակուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Ալեք Մուրատեանը: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ եւ վարչապետ Հասսան Տիապի ներկայութեամբ գումարուած նիստին...

ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը միացեալ հարցեր:

Page 487 of 988 1 … 486 487 488 … 988

Արխիւներ