Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 13, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ներկայ իշխանութիւնն ու կառավարութիւնը ժողովուրդը կը մղեն դէպի անորոշութիւն` երկրին տնտեսութիւնը վերածելով քաղաքական հաշիւներ մաքրելու նպատակով օգտագործուած պատանդի: Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնազրկումին վերաբերող սպառնալիքները տնտեսական, քաղաքական եւ սահմանադրական խենթութիւն են, որոնք երկրին տնտեսութիւնը պիտի սպաննեն»:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը կը վերահաստատուի ելեկտրականութեան մարզը բարեկարգելով, սահմանները հակակշիռի տակ առնելով եւ պետական մարզը վերակազմաւորելով: Ան աւելցուց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն գումարները անձեռնմխելի պիտի մնան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, թէ ոմանք ժողովուրդին անօթութիւնը կը շահագործեն` հաստատելով, որ անիրաւութիւն է, երբ տնտեսական այս ամբողջ տագնապին պատասխանատու կը նկատուի միայն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ դէպի Սուրիա մազութի եւ ամերիկեան տոլարի մաքսանենգումը չկասեցնելը լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր է: «Շնորհաւոր ըլլայ Հըզպալլային եւ անոր դաշնակիցներուն», յայտնեց Մաշնուք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ կառավարութիւնը կը տապալի միայն երբ քաղաքական համաձայնութիւն գոյանայ: Ան հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնազրկումը կ՛առաջնորդէ դէպի անորոշութիւն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ըսաւ. «Այնքան ատեն որ Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ անոնց դաշնակիցները իշխանութեան մաս կը կազմեն, ապա պէտք է իւրաքանչիւր արեւածագի հետ նոր վատթարացում մը կամ վատ լուր մը ակնկալել»:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնազրկումը դէպի անորոշութիւն մուտք գործել է:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս կոչ ուղղեց հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներուն` չկատարելու իրենց ինքնաշարժներու մեքենական քննութիւնը եւ չվճարելու անոր համապատասխան տուգանքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 4 իսրայէլեան օդանաւեր Նաքուրայէն մուտք գործած են Լիբանանի օդային տարածք եւ թռիչքներ կատարած հարաւային Լիբանանի ու յատկապէս Ռըմէյշի վերեւ, ապա անոնք Այթարունի վրայով մեկնած են` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ժեմայէլ Զարմանք Կը Յայտնէ, Իսկ Աքըր Անոր Վերաբերումը Զրպարտութիւն Կ՛որակէ

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.