Լիբանանեան

«Կը Հաւատանք Դատական Իշխանութեան Եւ Սադրանքներու Մէջ Պիտի Չներքաշուինք»   Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

«Կը Հաւատանք Դատական Իշխանութեան Եւ Սադրանքներու Մէջ Պիտի Չներքաշուինք» Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ խումբ մը փաստաբաններու ընկերակցութեամբ, երէկ այցելեց իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆի: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պատիւը ունին Խալաֆի հետ հանդիպելու` աւելցնելով, որ անոր փոխանցած են Հայկական երեսփոխանական պլոքին որդեգրելիք քայլերուն մասին` լիբանանցիներու խմբաւորում մը...

Նախագահ Աուն Յանձնարարեց Հատուցել Խափանարարական Արարքներէն  Տուժածները

Նախագահ Աուն Յանձնարարեց Հատուցել Խափանարարական Արարքներէն Տուժածները

Անպաշտօն աղբիւրներ շրջանառութեան մէջ դրած են յայտարարութիւն մը, թէ 25 յունիսին նախագահական պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընդարձակ նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեան, վարչապետին  ու խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետերու ու խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն: Ըստ այդ լուրերուն, հանդիպումը կը միտի մեղմացնել քաղաքական լարուածութիւնը: Մինչ այդ երէկ առաւօտեան նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց...

Պըրրի Եւ Հարիրի Ընդգծեցին Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը Պաշտպանելու Առաջնահերթութիւնը

Պըրրի Եւ Հարիրի Ընդգծեցին Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը Պաշտպանելու Առաջնահերթութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու իրադարձութիւնները: Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին, որուն ընթացքին Ամալ շարժումի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարները նաեւ միասին ճաշեցին, ընդգծուեցաւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ երկիրը դէպի սադրանք առանջնորդել փորձող որեւէ փորձ կանխարգիլելու կարեւորութիւնը: Պըրրի եւ Հարիրի խստիւ դատապարտեցին պետական...

«Կառավարութեան Հրաժարելուն Կամ Զայն Տապալելուն Մասին Տեղեկութիւնները Անճիշդ Են, Իսկ Սուրիոյ Դաշնակիցները Զայն Պիտի Չլքեն` Անոր Դէմ Մղուած Տնտեսական Պատերազմին Ընթացքին»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Կառավարութեան Հրաժարելուն Կամ Զայն Տապալելուն Մասին Տեղեկութիւնները Անճիշդ Են, Իսկ Սուրիոյ Դաշնակիցները Զայն Պիտի Չլքեն` Անոր Դէմ Մղուած Տնտեսական Պատերազմին Ընթացքին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառով մը անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան հրաժարելու կամ զայն տապալելուն մասին տեղեկութիւնները անճիշդ են: Ան դիտել տուաւ, թէ Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն, որ կառավարութիւնը շարունակէ իր աշխատանքը` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ հանդարտութիւնը պահպանելու եւ մերձեցումը ապահովելու առումով աշխատանքը կարեւոր է: Սէյիտ Նասրալլա...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1473-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 889-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1473-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 889-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1473-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 9 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 6-ը տեղացիներ են, իսկ 3-ը` արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 889 ուրիշներ` ապաքինած: Նշենք, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարող բժշկական անձնակազմի...

Ուազնի Քումարճահի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Միջազգային Դրամատան Գործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Ուազնի Քումարճահի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Միջազգային Դրամատան Գործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ դրամատան Արեւելքի տնօրէն Սարուժ Քումարճահի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նիստէն ետք Քումարճահ հաստատեց, որ իրենք կ՛աշխատին Լիբանանի կառավարութեան հետ` Լիբանանի կարիքաւոր դասակարգին ապահով գօտի մը երաշխաւորելու համար Քումարճահ շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատունն ու օժանդակող կողմեր պիտի զօրակցին այս ծրագիրին: «Երկրին...

Վարչապետ Տիապ Նախագահեց Ելեւմտական Հարցերու Յատուկ Նիստի Մը

Վարչապետ Տիապ Նախագահեց Ելեւմտական Հարցերու Յատուկ Նիստի Մը

Վարչապետ Հասսան Տիապ վաղը` հինգշաբթի, 18 յունիս 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ընթացիկ հարցեր: Երկուշաբթի ուշ գիշերին ան նախագահեց ելեւմտական հարցերու յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, կենսոլորտի նախարար Տըմիանոս Քաթթար, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ...

«Տնտեսութեան Նախարարութեան Մէջ Հիւրընկալուած Չենք Զգար»  Շեշտեց Շամմաս

«Տնտեսութեան Նախարարութեան Մէջ Հիւրընկալուած Չենք Զգար» Շեշտեց Շամմաս

Հակառակ այն իրողութեան որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ գործակցութեան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ տնտեսութեան մարզը բաղկացնող բոլոր տարրերուն, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս երէկ յայտնեց, որ ընկերային հեռաւորութիւնը առեւտրական մարզը կ՛ենթարկէ տնտեսական մեկուսացումի` աւելցնելով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը եղաւ հատու հարուած մը` տնտեսական մարզին մահկանացուն կնքող: Շամմաս հաստատեց, որ լիբանանեան տնտեսութիւնը մնայուն կերպով արգելակուած է, եւ Պէյրութի առեւտրականներու միութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց երկրագործութեան եւ մշակոյթի նախարար Ապպաս Մուրթատան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Մուրթատա շնորհակալութիւն յայտնեց շէյխ Խաթիպի` Շիիներու գերագոյն խորհուրդի հողային կալուածները լիբանանցիներուն տրամադրութեան տակ դնելու եւ անոնց օժանդակելու համար: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց տիւրզի համայնքին վերաբերող շարք...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Համագործակցութիւնը Ամրապնդել` Կանխարգիլելու Համար Խափանարարական Արարքները

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Համագործակցութիւնը Ամրապնդել` Կանխարգիլելու Համար Խափանարարական Արարքները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ, արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար...

Ազգային Կուսակցութիւններու Համախմբումը Կը Դատապարտէ Լիբանանահայութեան Դէմ Հրահրուած Գրգռութիւնները

Ազգային Կուսակցութիւններու Համախմբումը Կը Դատապարտէ Լիբանանահայութեան Դէմ Հրահրուած Գրգռութիւնները

Երէկ լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը, որուն վարչութեան անդամ է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, գումարեց կեդրոնական նիստ մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց լիբանանեան ներքին հարցերուն մէջ թրքական միջամտութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին կարգ մը քանդիչ խմբաւորումներու կողմէ համայնքային սադրանքներու նախապատրաստութեամբ: Համախմբումը կտրականապէս մերժեց շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր տեսանիւթերը, որոնք համայնքային սադրանքներ կը սերմանեն եւ լիբանանահայութեան դէմ գրգռութիւններ կը հրահրեն:...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Խումբ Մը Փաստաբաններու Ընկերակցութեամբ Այսօր Կ՛այցելէ Մըլհեմ Խալաֆի

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Խումբ Մը Փաստաբաններու Ընկերակցութեամբ Այսօր Կ՛այցելէ Մըլհեմ Խալաֆի

Հայկական երեսփոխանական պլոքը, նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ընկերակցութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, այսօր` 16 յունիս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Իրաւաբաններու սենտիքային մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆի հետ: Հայկական երեսփոխանական պլոքին պիտի ընկերակցին նաեւ խումբ մը փաստաբաններ: Հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ մը: Միւս...

Պըրրի Հովանաւորեց Արսլանի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ Հաշտութիւնը

Պըրրի Հովանաւորեց Արսլանի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ Հաշտութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հովանաւորեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի միջեւ հաշտութիւնը: Երեկոյեան ժամը 7:00-ին Արսլան եւ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ նախկին նախարարներ Սալեհ Ղարիպի եւ Ղազի Արիտիի, հասան Այն Թինէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պըրրիի այս նախաձեռնութիւնը...

Վարչապետ Տիապ. «Այսօր Սկսաւ Փտածութեան Դէմ Պատերազմը»

Վարչապետ Տիապ. «Այսօր Սկսաւ Փտածութեան Դէմ Պատերազմը»

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած քանդումներուն վերաբերող յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Պէյրութի առեւտրական կեդրոնին շուրջ բարոյական ու ապահովական գօտի պիտի հաստատուի: Ան ընդգծեց, որ պետական թէ սեփական կալուածները քանդած իւրաքանչիւր անհատ պէտք է արգելափակուի: Վարչապետ Տիապ նախագահեց նաեւ քննչական խորհուրդներու նիստի մը, որուն ընթացքին ըսաւ. «Կառավարութիւնը ամբաստանուած է ոչինչ...

Հըթթի Զօր. Տել Քոլի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Վերաբերող Հարցեր

Հըթթի Զօր. Տել Քոլի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Վերաբերող Հարցեր

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցն ու այդ աշխատանքի հոլովոյթին դիմագրաւած խոչընդոտները: Հըթթիի այցելեց նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան նախագահ Քրիսթոֆ Մարթինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1464-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 868-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1464-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 868-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1464-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 18 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 12-ը տեղացիներ են, իսկ 6-ը` արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 32 պարագաներ մահացած են, իսկ 868 ուրիշներ` ապաքինած: Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի որոշումով, այսուհետեւ  երեկոյեան ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00...

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Ձերբակալութիւններ Կը Կատարէ Եւ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ Կ՛որդեգրէ

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Ձերբակալութիւններ Կը Կատարէ Եւ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ Կ՛որդեգրէ

Լիբանանեան բանակը երէկ յետմիջօրէին Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին մէջ կատարեց ներխուժումներ` ձերբակալելու համար այն խուլիկանները, որոնք գիշեր մը առաջ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակում գործած էին, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի ու Մինայի մէջ ճաշարաններ, սրճարաններ, փուռեր եւ պետական կալուածներ յարձակումի թիրախ դարձուցած: Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանեան բանակը շրջուն ջոկատներով հսկեց Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան: Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի...

Լիբանանեան-Ֆրանսական Բարեկամութեան Յանձնախումբը Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Հարցերը

Լիբանանեան-Ֆրանսական Բարեկամութեան Յանձնախումբը Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Հարցերը

Լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններ: Յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ քննարկուած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը` տնտեսական այս ճնշող պայմաններուն ներքեւ: Ապի Ռամիա նշեց, որ քննարկուած են նաեւ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքն ու շրջանային փշոտ հարցեր: Ան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` չորեքշաբթի, 17 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին ջուրի օրէնքին վերաբերող առաջարկներ: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար երէկ այցելեց Թրիփոլիի նաւահանգիստ, ուր հաստատեց, որ այդ նաւահանգիստը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է երկրին սննդեղէնի ապահովութեան մէջ: Ան գնահատեց Թրիփոլիի նաւահանգիստի վարչութեան նուիրեալ գործունէութիւնը,...

Պէյրութի Մէջ Ցուցարարները Հսկայական Քանդում Կը Պատճառեն, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Բանակին Ու Անոնց Միջեւ Կ՛արձանագրուին Սաստիկ Բախումներ

Պէյրութի Մէջ Ցուցարարները Հսկայական Քանդում Կը Պատճառեն, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Բանակին Ու Անոնց Միջեւ Կ՛արձանագրուին Սաստիկ Բախումներ

Վարչապետ Տիապ. «Կառավարութեան Դէմ Յեղաշրջումի Փորձը Դարձեալ Ձախողած Է» Լիբանան, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութն ու հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլին, ապահովական լուրջ խախտումներով լեցուն շաբաթավերջ մը անցուց: Տիրող ապահովական այս լուրջ խախտումներուն լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրին` նախագահական պալատին մէջ, քննարկելու համար երկրին ապահովական իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ,...

Page 486 of 988 1 … 485 486 487 … 988

Արխիւներ