Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Բագրատունի Հակահայ Յայտարարութիւններուն Հարցով Կը Դիմէ Ապահովական Կառոյցներուն Եւ Դատական Իշխանութեան

June 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, լիբանանահայ լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանի յայտագիրին ընթացքին եւ անկէ ետք ստեղծուած հակահայ մթնոլորտին լոյսին տակ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի հետ եւ անոր ըսաւ, թէ այս հարցով ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած տեսանիւթը կը կրէ համայնքային սադրանքի հրահրման բնոյթ: Ան կոչ ուղղեց պետական մարմիններուն անմիջապէս առաջքը առնելու նման մթնոլորտի: Ներքին գործոց նախարարը խոստացաւ պէտք եղած միջոցառումներուն դիմել եւ ձերբակալել տալ հակահայ յայտարարութիւններ կատարած անձը: Երեսփոխան Բագրատունի նմանօրինակ պահանջով դիմեց նաեւ Լիբանանի ընդհանուր դատախազին, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան:

Միւս կողմէ, կազմուելու ընթացքի մէջ է արդէն հայ եւ արաբ փաստաբաններէ բաղկացած խումբ մը, որ պիտի ստանձնէ հակահայ յայտարարութիւններ կատարող անձերուն նկատմամբ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն համապատասխան տեղեկանքը ներկայացնելու պարտականութիւնը:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ աւելի ուշ կապ հաստատեց լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանի հետ եւ զայն տեղեակ պահեց այս հարցով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առած քայլերուն գծով` դատապարտելով ընկերային ցանցերուն մէջ Տէր Յարութիւնեանին վրայ կատարուած յարձակումը:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Տիապ Քննարկեց Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերը Ամրագրելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Տնտեսական Տագնապին Եւ Սղաճին Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Դարձեալ Բռնկեցան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.