Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Արտակարգ Նիստերը Յատկացուեցան Ելեւմտական Տագնապը Փարատելու Ջանքերու Քննարկումին` Բացառելով Ռիատ Սալամէի Պաշտօնազրկումը

Յունիս 13, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ գումարեց  արտակարգ զոյգ նիստեր, որոնցմէ առաջինը կայացաւ առաւօտեան` վարչապետարանին մէջ, իսկ երկրորդը յետմիջօրէին` նախագահական պալատին մէջ:

Զոյգ նիստերուն միջեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Իշխանութեան երեք պետերը քննարկեցին երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ, թէեւ ինք սովորաբար չի սիրեր լրագրողներուն հետ զրուցել հանդիպումներէն ետք, սակայն օր մը առաջ (11 յունիսին) տեղի ունեցած դէպքերը, ինչպէս նաեւ այն վտանգը, որ այս բոլորին պատճառով կը սպառնայ ընդհանրապէս երկրին եւ քաղաքացիներուն յատկապէս, կը մղէ զինք անպայման արտայայտուելու:

«Պատիւ ունեցայ նախագահին ու վարչապետին հետ հանդիպելու, եւ որոշուեցան հետեւեալները. առաջին` տոլարի դիմաց լիբանանեան արժեւորումը այսօրուընէ սկսեալ իսկ նուազեցնել, իսկ ասոր գործնական դրսեւորումը կարելի պիտի ըլլայ շօշափել երկուշաբթիէն սկսեալ: Անիկա պիտի հասնի 4000 լ. ոսկիի, ապա` 3200-ի: Այս մէկը անպայման պիտի կատարուի. այս գծով արդէն իսկ կառավարութեան նիստին եւս համաձայնութիւն գոյացած է: Երկրորդ` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ խօսիլ մէկ լեզուով` խորհրդարանին հովանաւորութեամբ», յայտնեց Պըրրի:

Լրագրողներէն մէկը հարցուց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնազրկումի հարցը քննարկուա՞ծ է. Պըրրի պատասխանեց. «Այսօր մենք կարիք ունինք մարդոց, ուստի պէտք չունինք անոնցմէ հրաժարելու մասին խօսելու»:

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր արտակարգ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որոնք, նախքան նիստին մասնակցիլը, ունեցած էին դռնփակ հանդիպում մը:

Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր եւ լումայափոխներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը:

Ժողովին վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ անկարելի է արտօնել քաղաքացիին ապրուստը որեւէ ձեւով խնդրոյ առարկայ դարձնելը, որովհետեւ անիկա կարմիր գիծ է:

Կառավարութեան փոթորկոտ այս նիստին ընթացքին արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ բուռն յարձակում մը կատարած է Ռիատ Սալամէի դէմ եւ զայն ամբաստանած այս կացութեան պատասխանատուութեամբ` նկատի ունենալով, որ ան պատասխանատու է երկրին ելեւմտական պատկերին:

Նաժըմ հաստատեց, որ երկրին տնտեսական տագնապը հետեւանք է տասնեակ տարիներու ընթացքին որդեգրուած ելեւմտական սխալ քաղաքականութեան, «աւելի ճիշդը` ոճրագործ քաղաքականութեան, որուն պատճառով փտածութիւնը սփռուած է, եւ պետութեան գումարները մսխուած են», շեշտեց ան:

Նոյն շրջագիծին մէջ կրթութեան նախարար Թարեք Մաժզուպի եւ Սելիմ Սֆէյրի միջեւ արձանագրուեցաւ լարուած մթնոլորտ, երբ Մաժզուպ շեշտեց, որ 40 տարիէ ի վեր դրամատուները կը կեղեքեն ժողովուրդը:

Սակայն վարչապետ Տիապ անմիջապէս միջամտեց եւ կրցաւ փարատել ելեկտրականացած մթնոլորտը:

Նիստէն ետք վարչապետ Տիապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ զայն տեղեակ պահեց կառավարութեան նիստին արդիւնքներուն մասին:

Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի հաստատեց, որ ամերիկեան տոլարին արժէքը հետզհետէ պիտի նուազի:

Իր կարգին ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը սկսած է լիբանանեան շուկային ամերիկեան տոլար տրամադրել` աւելցնելով, որ կացութիւնը դրական է:

Միւս կողմէ, լումայափոխներու սենտիքայի փոխնախագահ Մահմուտ Հալաուի վարչապետարանէն յայտարարեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը լիբանանեան շուկային ամերիկեան տոլար տրամադրէ այնքան, ինչքան ներածողներն ու քաղաքացիները կարիք ունին:

Հալաուի յայտնեց նաեւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է նաեւ օժանդակելու ապահովութեան ուժերուն` ճնշում բանեցնելու ամերիկեան տոլար վաճառելու աշխատանքը սեւ շուկայի վերածողներուն վրայ:

Հալաուի ընդգծեց, որ լումայափոխները յանձնառու կը մնան ամերիկեան տոլարը 3940 սակով վաճառելու որոշումին: Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն` գործակցելու արտօնագիրով գործող լումայափոխներուն հետ:

Պաապտայի Մէջ

Նախագահական պալատին մէջ կառավարութեան գումարած նիստին ընթացքին նախագահ Աուն նշեց, որ նախանցեալ օրուան պատահարը, որուն պատճառը ամերիկեան տոլարի դիմաց լիբանանեան դրամանիշի յանկարծակի անկումն էր, մեզ կը մղէ հարց տալու, թէ արդեօք ամերիկեան տոլարի սակին մասին թիւերը տարաձայնութիւններ էին, որպէսզի ժողովուրդը փողոց ուղղուի, եւ բախումներ արձանագրուին: «Արդեօք անիկա քաղաքական, թէ դրամատնային խա՞ղ է, թէ՞ այլ բան», հարց տուաւ ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ փողոցին մէջ բախումները կազմակերպուած ձեւով կ՛արձանագրուէին եւ Լիբանանի կառավարութիւնը թիրախ կը դարձնէին:

Ան աւելցուց, որ այս կառավարութիւնը պիտի փարատէ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները` ընդգծելով, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի սակը հետզհետէ պիտի նուազի:

Վարչապետ Տիապ ըսաւ, որ ամերիկեան տոլարի դիմաց լիբանանեան դրամանիշի յանկարծակի անկումը ոչ միայն կառավարութիւն կը տապալէ, այլ ամբողջ երկիրը կը քանդէ: «Լիբանան յաւելեալ ցնցումներ չի կրնար հանդուրժել, հետեւաբար, անհրաժեշտ է խիստ միջոցառումներու դիմել` զսպելու համար նման ցնցում յառաջացնողները, ինչպէս նաեւ կարեւոր է առնել գործնական քայլեր, որոնք կը հզօրացնեն Լիբանանի կառավարութեան եւ պետութեան դիմադրողականութիւնը` դիմագրաւելու նման ցնցումներ», ըսաւ Տիապ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը Ռիատ Սալամէն պաշտօնազրկելու հաւանականութիւնը չէ քննարկած` աւելցնելով, որ լիբանանեան շուկային ամերիկեան տոլար տրամադրելը չի կրնար լուծում ապահովել տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմած է տագնապի շտապ խմբակ մը` նախագահութեամբ նախարար Ուազնիի, որ պիտի հետեւի ելեւմտական եւ տնտեսական օրէնքներուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ զարգացումներուն մասին մնայուն կերպով տեղեակ պիտի պահէ վարչապետն ու կառավարութիւնը:

Նախարարը նշեց, որ կառավարութիւնը ապահովութեան ուժերէն պահանջած է աւելի խիստ ըլլալ օրէնքը խախտող լումայափոխներուն հանդէպ` շեշտելով, որ լումայափոխներու սենտիքան պէտք է յանձնառու մնայ ամերիկեան տոլարի վաճառման համար ճշդուած լիբանանեան դրամանիշի սակին հիման վրայ գործելու:

Նախագահ Աուն – Ռայի Պատրիարք Հանդիպում

Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարք կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` նախ պատասխանատուներուն եւ ապա լրագրողներուն` հաստատելով, որ բոլորը պատասխանատու են Լիբանանին եւ միասնաբար պէտք է գործեն պահպանելու համար լիբանանեան ներքին միասնականութիւնն ու անոր հանդէպ վստահութիւնը:

«Այն կեցուածքը, թէ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւն չկայ, դաւաճանութիւն է, որովհետեւ Լիբանան մեր հայրենիքն է, ուստի անկարելի չէ անոր նկատմամբ նման մօտեցում ցուցաբերել», հաստատեց ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանը քանդել` աւելցնելով, որ ամբողջ աշխարհը հեռատեսիլներուն միջոցաւ կը հետեւի, թէ լիբանանցի քաղաքացիները ինչպէս կը քանդեն իրենց երկիրը եւ անոր հանդէպ անհաւատութեամբ կ՛արտայայտուին: «Եթէ մենք այդպէս վարուինք ու արտայայտուինք, ապա օտարին ինչպէս առիթ կու տանք մեր երկրին վստահելու», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան շեշտեց, որ ինք լաւ կը հասկնայ ժողովուրդին ցաւը` աւելցնելով սակայն, թէ անոնք նախապէս ալ ապրած են դժուարութիւններ եւ շրջանցած զանոնք: «Այսօր մեր համագործակցութեամբ եւ միասնականութեամբ պիտի կարենանք դիմագրաւել դժուարութիւնները: Այս խօսքերը թմրեցնելու նպատակով չեն հնչեր, այլ պատասխանատուութեամբ, իբրեւ հոգեւոր պետեր, պատրիարք, եկեղեցի եւ պատրիարքութիւն` մեր պատասխանատուութիւնները պիտի ստանձնենք», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կարելի չէ խափանարարական արարքներով եւ անիւներու հրկիզումով քանդել Լիբանանի քաղաքակիրթ պատկերը:

«Մենք կը զօրակցինք ժողովրդային շարժումի արդարացի պահանջներուն, սակայն երբ կը քանդենք, աշխարհին դիմաց Լիբանանի իսկական պատկերը կ՛աղաւաղենք: Լիբանան մշակոյթի երկիր է եւ ոչ թէ քանդումի ու անիւներու հրկիզումի: Մենք առաջին օրէն իսկ զօրակցեցանք ցուցարարներուն, սակայն կը փափաքինք, որ անոնք ըլլան քաղաքակիրթ, եւ մենք անոնց հետ կ՛ուղղուինք բարձրաձայնելու անոնց իրաւացի պահանջները», հաստատեց Ռայի պատրիարք:

 

 

Նախորդը

Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչ Ալեք Մուրատեան Կատարեց Իր Երդման Արարողութիւնը

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ . Արտակարգ Դրութիւնը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 13 Յուլիս

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?