Երկար սպասումէ ետք, Լիբանանի կառավարութիւնը երէկ Պաապտայի մէջ գումարած իր նիստին կատարեց վարչական եւ ելեւմտական մարզերու պետական պաշտօնեաներու նշանակումները:
Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի երկարատեւ ջանքերով, հայ առաքելական համայնքին յատկացուած փոխկառավարիչի պաշտօնին վրայ նշանակուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Ալեք Մուրատեանը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ եւ վարչապետ Հասսան Տիապի ներկայութեամբ գումարուած նիստին ընթացքին կատարուեցան հետեւեալ նշանակումները.
– Կեդրոնական դրամատան 4 փոխկառավարիչներ` Ալեք Մուրատեան (հայ առաքելական), Ուասիմ Մանսուրի (շիի), Սելիմ Շահին (սիւննի) եւ Պաշիր Եաքզան (տիւրզի):
– Դրամատուներու քննչական խորհուրդի յանձնախումբի նախագահ` Մայա Տապպաղ, եւ անդամներ` Քամել Ուազնի, Ժոզեֆ Հատտատ, Մարուան Մխայէյ եւ Ատել Տրէյք:
– Կեդրոնական դրամատան մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ` Քրիսթել Ուաքիմ:
– Ելեւմուտքի շուկաներու խորհուրդին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչներ` Ուաժեպ Ալի Քանսօ, Ֆուատ Շքէյր եւ Ուալիտ Քատիրի:
– Ելեւմտական հետաքննութեան խորհուրդի անդամ` Շատի Հաննա:
– Տնտեսութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն` Մոհամետ Ապու Հայտար:
– Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան ներդրումի բաժանմունքի տնօրէն` Ղասսան Նուրէտտին:
– Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ` Նիսրին Մաշմուշի:
– Ընդեղէնի եւ ճակնդեղի մարզի ընդհանուր տնօրէն` Ժըրյէս Պըրպարի:
– Պէյրութի նահանգապետ` Մարուան Ապպուտ:
– Քեսրուան-Ֆթուհ եւ Ժպէյլի նահանգապետ` Մարլեն Տիպ:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ ցոյց կատարելը իրաւունք է, սակայն կարելի չէ ընդունիլ խափանարարական արարքներն ու խուլիկանութիւնը, ինչպէս նաեւ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքները:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ոմանք պահանջատիրական ցոյցերը օգտագործած են` կատարելու խափանարարական արարքներ, որոնք դատապարտելի են, եւ որոնց մասին նախապէս զգուշացուցած էին:
«Այսօր կը վերահաստատենք մեր զգուշացումները` նկատի ունենալով, որ ապահովութեան ուժերուն մօտ կան տեղեկութիւններ, թէ այդ արարքները կրնան կրկնուիլ` խափանարարական արարքները գործող խմբաւորումներուն հասած արտաքին ուժերու միջամտութեան պատճառով», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կրօնական թէ յարանուանական խորհրդանիշներուն սրբապղծումը մերժելի է եւ խստիւ դատապարտելի: «Նման արարքներ չեն գործուած նոյնիսկ պատերազմի ամէնէն վատ օրերուն: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին` զգուշանալու Լիբանանի դէմ նիւթուող սադրանքներէն, եւ կը հաստատեմ, որ կառավարութիւնը տապալելու կամ զայն փոփոխութեան ենթարկելու մասին զրպարտութիւններուն դիմաց լուռ պիտի չմնանք», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նշեց, որ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած են ելեւմտական մարզին վերաբերող զոյգ նիստեր, որոնց ընթացքին որոշուած է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն ներկայանալ կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին թիւերով:
«Կը մաղթենք, որ այդ բանակցութիւնները ամէնէն արագ միջոցին կ՛աւարտին», ըսաւ ան:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Լիբանան վտանգաւոր փուլ մը անցուցած է, սակայն ան կրցած է շրջանցել համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներու ծրագիրները:
«Արդէն իսկ զգուշացուցած էի արիւնահեղութեան դաւադիր ծրագիրէ մը, որ քաղաքական շահագործումի պիտի վերածուէր: Իսկ փողոցը պատահածը նախապատրաստուած սադրանքի ծրագիր մըն էր, որ երկիրը կրնար բռնկեցնել», ըսաւ ան:
Տիապ ընդգծեց, որ սադրանքի դաւադրութիւնը առկայ է եւ պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ թշնամի Իսրայէլ կը փափաքի Լիբանանի մէջ սադրանք նախապատրաստել` Այսրյորդանանէն հողեր Իսրայէլի կցելու իր դաւադիր ծրագիրին ծածկոյթ ապահովելու նպատակով:
«Կոչ կ՛ուղղեմ` զգաստ ըլլալու եւ իսրայէլեան այս դաւադրութիւնը ձախողեցնելու», շեշտեց Տիապ` ընդգծելով, որ կան մութ սենեակներ, ուր կը հնարուին սուտեր եւ կը տարածուին` կառավարութեան դէմ գրգռութիւններ յառաջացնելու եւ զայն նախորդ տասնեակ տարիներու կուտակումներուն պատասխանատու նկատելու նպատակով:
Նշենք, որ կառավարութեան նիստին օրակարգէ դուրս քննարկուեցաւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած արժեզրկումը, որուն լոյսին տակ հաստատուեցաւ, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը խոստացած էր միջամտել, սակայն այդ իմաստով ոչ մէկ քայլի դիմած է ցարդ:
Տիապ շեշտեց, որ կայ հիմնական հարց, որուն լուծման համար կը գործեն ապահովութեան ուժերը` նկատել տալով, որ յստակ եւ վճռական ցուցմունքներ տրուած են` լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակի արժեզրկումը կասեցնելու:
ԱՒԵԼՑՆԵՆՔ, որ վարչապետ Տիապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ, որ հաստատեց, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտի պաշտօնական բանբերին յայտարարութիւնները դրական են եւ իրենց ակնկալութիւնները կը գոհացնեն:
Ալեք Մուրատեանի Կենսագրական Գիծեր
Ալեք Մուրատեան ծնած է 1967-ին, Պէյրութ:
Դպրոցական կրթութիւնը ստացած է Հայ Աւետարանական բարձրագոյն վարժարանէն:
Յաճախած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, ուր ստացած է պսակաւոր արուեստի վկայական` Առեւտուրի եւ տնօրինման գիտութիւններու ճիւղին մէջ:
Ապա բարձր յիշատակութեամբ մագիստրոսի վկայականի տիրացած է «Վլերիք Լիուվըն Կենթ Մենեճմընթ Սքուլ»-ի մէջ` հետեւելով միջազգային ծրագիրին:
Ա. Մուրատեան դոկտորական իր վկայականը տակաւին կը շարունակէ Անգլիոյ «Ասթոն» համալսարանին մէջ` կեդրոնանալով ռազմավարական տնօրինման մարզին վրայ:
Նշենք, որ «Ասթոն» համալսարանն ու «Վլերիք Լիուվըն Կենթ Մենեճմընթ Սքուլ»-ը ունին Եռակի հաւատարմագիրներ. AACSB, EQUIS, AMBA:
«Տը Պէյճինկ սենթըր ֆոր չայնիզ սթատիզ»-էն ստացած է վկայական մը` Չինաստանի մէջ Առեւտրական տիպերու վերաբերող:
Ստացած է նաեւ ներդրումային յարաբերութիւններու պատասխանատուի վկայական (Սըրթիֆայտ ինվեսթըր ռիլէյշընզ օֆիսըր-ՍԻՐՕ):
Առեւտուրի մարզին մէջ Ալեք Մուրատեանի փորձառութիւնը կը մարմնաւորուի անոր վարած պաշտօններով եւ ստանձնած պատասխանատուութիւններով, որոնցմէ են «Պլոմ» դրամատան մէջ Ներդրողներու հետ փոխյարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնի եւ Ելեւմտական ու տնտեսական հետազօտութիւններու բաժնի փոխտնօրէնի պաշտօնները:
Խորհրդատուական պաշտօններ ստանձնած է Գերմանիոյ «Սիմընզ քոմ», Քանատայի «Ինթըրնեշընըլ փարսըլ էքսփրես» եւ Պելճիքայի «Սուիս էյճընսի ֆոր տեվելոփմընթ էնտ քոփըրէյշըն» ընկերութիւններուն մէջ:
Վարած է նաեւ Բրիտանիոյ առեւտուրի եւ ներդրումներու (Եու. Քէյ. Թրէյտ էնտ ինվեսթմընթ – UKTI) պատասխանատուի պաշտօն` Բրիտանիոյ եւ Միջին Արեւելքի միջեւ երկկողմանի առեւտրական եւ ներդրումային յարաբերութիւններու յառաջացման:
Ալեք Մուրատեան կը տիրապետէ հինգ լեզուներու` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ յունարէն, ունի մեծ թիւով հրատարակուած յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ:
Անդամ է Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան:
Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: