
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պրիթելի մէջ կրցած է ապահովել ազատութիւնը 23 պատանդներու:
Նշենք, որ զինեալ աւազակախումբ մը 15 օր առաջ առեւանգած էր լիբանանցի եւ սուրիացի 23 քաղաքացիներ: