Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսական Վատթարացող Կացութեան Դէմ Բողոքի Արտայայտութիւնները Խուլիկանութիւններու Վերածուելով` Նոյն Թափով Կը Շարունակուին

June 13, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական Պէյրութն ու Թրիփոլին երէկ դարձեալ վկայեցին ժողովրդային շարժումին կազմակերպած ցոյցեր, որոնց ընթացքին խափանարարական արարքները, սեփական եւ պետական կալուածներու քանդումը, անիւներու հրկիզումը, բանակայիններն ու Ներքին ապահովութեան ուժերը քարկոծելն ու զանոնք պայթուցիկներու թիրախ դարձնելը մնացին տիրական:

Ցուցարարները բողոքեցին տիրող տնտեսական տագնապին եւ հետզհետէ վատթարացող ելեւմտական իրավիճակին, յատկապէս` ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած անկումին դէմ:

Երէկ գիշեր Նահատակաց հրապարակին վրայ, ներքին գործոց նախարարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան դիմաց սկսած բողոքի ցոյցերը վերածուեցան բախումներու` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Մինչ ցուցարարները ապահովութեան ուժերը քարերու տարափի թիրախ դարձուցին, ուժերը արցունքաբեր կազեր արձակեցին` փորձելով ցրուել ցուցարարները:

Ապա անոնք ուղղուեցան Ազարիէի շէնք եւ հրկիզեցին զայն, ինչպէս նաեւ քանդեցին Կեդրոնական Պէյրութին մէջ գտնուող կարգ մը վաճառատուները եւ հրկիզեցին զանոնք:

Ցուցարարները Կեդրոնական Պէյրութի փողոցներուն մէջ կրակներ վառեցին եւ ուղղուեցան դէպի Պէյրութի շուկաներ:

Ներքին ապահովութեան ուժերուն խափանարարական արարքներու դիմադրող յատուկ ջոկատը միջամտեց եւ ցուցարարները ցրուեց` անոնց դէմ արձակելով արցունքաբեր կազեր:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին սկսած բախումները շարունակուեցան մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:

Այդ դէպքերուն ընթացքին ցուցարարները բանակայիններուն վրայ նետեցին նաեւ քոքթէյլմոլոթովներ, ինչպէս նաեւ հրկիզեցին ճամբու հսկայ աղբամանները եւ զանոնք քշեցին ապահովութեան ուժերուն ուղղութեամբ:

Ռինկի կամուրջը եւս վերածուեցաւ բախումներու դաշտի մը, ուր, սակայն, կէս գիշերին մեծ թիւով բանակայիններ տեղակայուեցան, եւ կատարուեցան շարք մը ձերբակալութիւններ:

Կէս գիշերին ցուցարարներ փակեցին Նաամէի, Սաատիյաթի, Թըպպանէի, Քալամունի եւ Ղազիէի մայրուղիները, Նապաթիէի սերային դիմաց գտնուող փողոցը, Պշարա Խուրին, Քորնիշ Մազրահան, Խալտէի կամուրջը, ինչպէս նաեւ Շուէյֆեթն ու Սայտան:

Թրիփոլիի մէջ ցուցարարները Նուր հրապարակին վրայ բանակայինները քարկոծեցին եւ անոնց վրայ պայթուցիկներ նետեցին:

Բանակը պատասխանեց` ցուցարարներուն դէմ ձգախէժէ փամփուշտներ արձակելով:

Կէս գիշերին ցուցարարները անցան այլ քայլի մը, որուն շրջագիծին մէջ անոնք սկսան քանդել ճամբուն կողմերը կեցած քաղաքայիններուն ինքնաշարժները:

Լիբանանեան Կարմիր խաչը թէ՛ Պէյրութէն եւ թէ՛ Թրիփոլիէն հիւանդանոց փոխադրեց մեծ թիւով վիրաւորներ:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան աշխատանքային ժամերուն ընթացքին ժողովրդային շարժումի ցուցարարները հրկիզուած անիւներով փակեցին Ժալ Էլ Տիպի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, Սայտայի Էլիաս հրապարակը, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Նապաթիէն, Պաալպեքի Տուրես հրապարակը, ինչպէս նաեւ Ռինկի կամուրջը:

Այս բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովութեան ուժերը աշխատեցան վերաբանալ ճամբաները:

 

Նախորդը

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Պիտի Վերաբացուի 1 Յուլիսին

Յաջորդը

Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչ Ալեք Մուրատեան Կատարեց Իր Երդման Արարողութիւնը

RelatedPosts

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի.  «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն  Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

January 20, 2026
Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

January 20, 2026
Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ
Լիբանանեան

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.