Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք դէպի Սուրիա մաքսանենգուող մազութին եւ ալիւրին մասին հարցադրում մը յղած է կառավարութեան` աւելցնելով, որ այսօր ցնցուած կը զգայ, որովհետեւ պաշտպանութեան նախարարութենէն ստացած է պատասխան մը, որուն մէջ նախարարութիւնը ժամանակ կը խնդրէ այդ մասին տեղեկութիւններ հաւաքելուն:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Ժեմայէլի կատարած այս յայտարարութիւնը կտրականապէս մերժելի է` մաղթելով, որ ան նման զրպարտութիւններ չկատարէ: