Ինքնաշարժի Զոյգ Եւ Անզոյգ Թիւերով
Երթեւեկելու Օրէնքը Ջնջուած Է
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1422-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 4 նոր վարակուածներ` բոլորն ալ տեղացիներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 868 ուրիշներ` ապաքինած:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ ինքնաշարժի զոյգ եւ անզոյգ թիւերով երթեւեկելու օրէնքը ջնջուած է, սակայն կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութիւնը պիտի պահպանուի:
Ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած նոր շրջաբերականին համաձայն, սեփական հաստատութիւնները իրենց սովորական ժամանակացոյցով կրնան վերսկսիլ աշխատանքի:
Ըստ նոյն շրջաբերականին, հանրային պարտէզները, խաղավայրերը, գիշերային զբօսավայրերը, թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները, ինչպէս նաեւ համացանցի եւ ընկերային առիթներու յատուկ սրահները պիտի շարունակեն փակ մնալ:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը նշեց, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացի իրաւունք ունի առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն բուժուելու, եթէ ան ապահովագրութեան այլ դրութենէ մը չ՛օգտուիր: