Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1402-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 14 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 11-ը տեղացիներ են, իսկ 3-ը` Պէյրութ ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 31 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 843 ուրիշներ` ապաքինած:
Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին սկսաւ արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու Դ. փուլը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 19 յունիս: