Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 15, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՅՍՕՐ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի հովանաւորէ հաշտութիւն մը` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի միջեւ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վաղը` երեքշաբթի, 16 յունիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ եւ վարչական բարեկարգումի նախարար Տըմիանոս Քաթթար յայտնեց, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի սակը բնաւ 5000 կամ 7000 լ. ոսկիի չհասաւ` աւելցնելով, որ այդ մէկը քաղաքացիներուն դէմ մղուած հոգեկան պատերազմ էր եւ ոչ թէ ճշմարտութիւն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր նշեց, որ կառավարութեան հրաժարականը նախատեսելի չէ, որովհետեւ երկիրը անիշխանութիւն չի կրնար հանդուրժել, իսկ խորհրդարանը չի փափաքիր, որ երկիրը անիշխանութեան մատնուի:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ եթէ կառավարութիւնը շարունակէ իր արծարծած ներկայ թիւերուն սխալ ընթացքը, ապա անոր կեանքը երկար չէ, եւ անոր տապալումը հաւանական է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ զգուշացուց ապահովական տագնապի մը յանգելու հաւանականութենէն` հաստատելով, որ անիկա պիտի ըլլայ նոր ժահր մը, որմէ կարելի պիտի չըլլայ դուրս ելլել:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Ամալ շարժումի ու Հըզպալլայի պատասխանատուները գումարեցին միացեալ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին ապահովական կացութիւնն ու համաներման վերաբերող հարցեր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ դէպի Սուրիա մաքսանենգումը կարելի չէ կասեցնել, բացի` լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեամբ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ կատարեց հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի, Մեթնի եւ Սայտիայի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով երկրին գերիշխանութեան դէմ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ Իրանի վերջին կառավարութիւնը:

 

Նախորդը

Հայելի

Յաջորդը

Բանակը Ապահովեց Ազատութիւնը 23 Պատանդներու

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?