Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական փլուզումը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակը կարելի չէ պահել, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ, «եւ ասիկա շատ վտանգաւոր է եւ պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերուն մեծ վնաս հասցուցած է», ըսաւ Հարիրի:
Ան նշեց, որ ներկայ կառավարութիւնը վարուած է այնպէս մը, որ ինք մասնագէտներու կառավարութիւն է եւ կուսակցութիւններէ զերծ, «այդ պատճառով ալ անոր 100 օրուան առիթ մը ընծայեցինք, որուն աւարտին կառավարութիւնը յայտարարեց, որ իր նպատակներուն 97 առ հարիւրը գործադրած է, սակայն մենք այդ իրագործումներէն ոչինչ տեսանք», ըսաւ ան:
Հարիրի նշեց, որ վարչապետին իրաւասութիւնները արձանագրուած են երկրին սահմանադրութեան մէջ` աւելցնելով, որ կայ փոխվարչապետ մը, որ իր իրաւասութիւնները վարչապետարանէն կը կատարէ: «Կը մերժենք այն դրութիւնը, որ վարչապետարանին մէջ Պաապտայէն ներկայացուցիչ «նշանակուած» է, եւ եթէ այդ է փափաքը, ապա վարչապետը պէտք է Պաապտայի մէջ ներկայացուցիչ նշանակէ», յայտնեց ան:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենք հանգիստ էին, որ Սըլաաթայի ելեկտրակայանը ջնջուած է, սակայն զարմացած են, որ անիկա ծրագիրին մէջ ներառուած է` հարց տալով, թէ Միջազգային դրամատունը կամ Միջազգային դրամական ֆոնտը ինչպէ՞ս կ՛ընդունին, որ այդ հարցը տրամաբանական թուի:
Հարիրի նկատել տուաւ, որ երկրին մէջ ելեկտրականացած մթնոլորտը տիրական է` աւելցնելով, որ ոմանք Լիբանանի մէջ արիւնահեղութիւն կ՛ուզեն:
«Լիբանան թիրախ է, մենք պէտք է կեդրոնանանք չափաւորականութեան եւ ազգային համերաշխութեան ու համակեցութեան վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կիրակի օրուան պատահարը վտանգաւոր վայրէջք էր:
Հարիրի նկատել տուաւ, որ շրջանին մէջ կան ամերիկեան, ռուսական, թրքական, իրանեան եւ այլոց տագնապները` ընդգծելով, որ Լիբանան ինքզինք այդ տագնապներէն զերծ պէտք է կացուցէ: «Իսկ եթէ կը փափաքինք միջազգային ընտանիքին հետ բանակցութիւններ վարել, ապա պէտք է յանձնառու եւ անկողմնակալ ըլլանք», նշեց ան:
Հարիրի ըսաւ, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ իր յարաբերութիւնները լաւ են, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ հեզասահ յարաբերութիւններ կան: «Նոյնիսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ փոխադարձ յարգանք կայ», շեշտեց Հարիրի: