Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը երէկ բողոքի ցոյցեր կատարեց Պէյրութի եւ Պաապտայի Արդարութեան պալատներուն դիմաց` պահանջելով խարդախուած նաւթի թղթածրարին հետապնդումը շարունակել մինչեւ վերջ, որպէսզի փտածութեան դէմ պայքարի այդ թղթածրարները դատարաններուն դարակներուն մէջ չմնան:
«Ճշմարտութիւնը կը պահանջնեք» խորագիրը կրող բողոքի այս ցոյցերուն ընթացքին պահանջուեցաւ դատական իշխանութեան եւ դատաւորներուն ժողովրդային նեցուկ ապահովել, որպէսզի անոնք կարենան փտածութեան դէմ իրենց պայքարն ու հետաքննութիւնները շարունակել, հաշիւները բացայայտել, լիբանանցիներէն եւ լիբանանեան պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները վերադարձնել, ինչպէս նաեւ փտածութեան այլ թղթածրարներ երեւան հանել:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նկատել տուաւ, որ խարդախուած նաւթի թղթածրարին հետապնդումը իր աւարտին հասցնելու պարագային, հարուածած կ՛ըլլանք Լիբանանի մէջ փտածութեան հիմնասիւներէն մէկը:
Բողոքի ցոյցերէն ետք ցուցարարներէն պատուիրակութիւն մը հանդիպումներ ունեցաւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Սուհէյլ Ապպուտի եւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի հետ եւ անոնց յանձնեց Ազգային ազատ հոսանքին կեցուածքը ներկայացնող գիր մը` խարդախուած նաւթի թղթածրարին մասին: