Լիբանանեան

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, հոկտեմբեր 24-էն 25 լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանանի մէջ պիտի սկսի գործադրուիլ ձմեռնային ժամանակացոյցը: Հետեւաբար, պէտք է ժամացոյցին սլաքները մէկ ժամ ետ տանիլ:

Հարիրիի Կատարած Ոչ Պարտադիր  Խորհրդակցութիւններուն Լոյսին Տակ.   Համախոհութիւն Գոյացաւ Ամէնէն Արագ  Ժամանակամիջոցին Կազմելու Մասնագէտներու  Կառավարութիւն Եւ Սկսելու  Բարեկարգումներու Գործադրութեան

Հարիրիի Կատարած Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններուն Լոյսին Տակ. Համախոհութիւն Գոյացաւ Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Մասնագէտներու Կառավարութիւն Եւ Սկսելու Բարեկարգումներու Գործադրութեան

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական պլոքներուն եւ անհատ երեսփոխաններուն հետ կատարեց կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններ: Անոնց աւարտին Հարիրի խորհրդարանէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեց, թէ պիտի կազմէ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ պիտի գործէ ըստ ֆրանսական նախաձեռնութեան բովանդակած բարեկարգումներուն իրագործման: Հարիրի նշեց, որ կառավարութիւնը վեց ամսուան ժամանակաշրջանի մը...

«Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Պատրաստակամութիւն  Յայտնեց Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ  Պատասխանատուութիւն Ստանձնելու»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Պատրաստակամութիւն Յայտնեց Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ Պատասխանատուութիւն Ստանձնելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան հանդիպում ունեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի անհրաժեշտ նկատել տուաւ, թէ կառավարութիւնը ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կազմուի` հաստատելով, որ երկար սպասելու ճոխութեան մէջ չենք գտնուիր: «Ինչպէս նախանցեալ օր նախագահական պալատէն...

ՄԱԿ-ի Օրուան Առիթով .  «Մաղթենք, Որ Մակ Կը Մնայ Ժողովուրդներու Միջեւ  Խաղաղութիւնը Եւ Միջազգային Արժէքները Հովանաւորողը»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

ՄԱԿ-ի Օրուան Առիթով . «Մաղթենք, Որ Մակ Կը Մնայ Ժողովուրդներու Միջեւ Խաղաղութիւնը Եւ Միջազգային Արժէքները Հովանաւորողը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի` շնորհաւորելով ՄԱԿ-ի օրը: Այս առիթով նախագահ Աուն մաղթեց, որ ՄԱԿ կը մնայ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութիւնը եւ միջազգային արժէքները հովանաւորողը, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ հաւասարութեան հսկողը: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին պատասխանատուութիւնն ու Լիբանանի ու լիբանանցիներուն նկատմամբ անոր կեցուածքները`...

Մայք Փոմփէօ. «Այս Արարքը Կը Փաստէ  Մնայուն Կերպով Յարձակում Գործելու  Հըզպալլայի Յանձնառութիւնը»

Մայք Փոմփէօ. «Այս Արարքը Կը Փաստէ Մնայուն Կերպով Յարձակում Գործելու Հըզպալլայի Յանձնառութիւնը»

Պէյրութի մէջ ամերիկեան ծովուժի կեդրոնատեղիին դէմ գործուած անձնասպանական գործողութեան 37-րդ յիշատակին առիթով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ յայտնեց, որ խաղաղապահ առաքելութեամբ Պէյրութ ժամանած այդ ուժերուն դէմ Հըզպալլա գործած էր յարձակումը` սպաննելով ամերիկեան ծովուժի 241 անդամներ: «Մենք բնաւ պիտի չմոռնանք ամերիկեան ծովուժի նահատակ անդամներուն զոհողութիւնները եւ խաղաղարար նպատակները: Այս արարքը կը փաստէ մնայուն կերպով յարձակում գործելու Հըզպալլայի յանձնառութիւնը»,...

Լիբանանեան Բանակը Պապ Թըպպանէի Մէջ  Բացայայտեց Պայթուցիկ  Նիւթերու Պահեստանոց Մը

Իսրայէլացի Հինգ Հետեւակ Զինուորներ Խախտած Են Սահմանային Կապոյտ Գիծը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հինգշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2020-ին իսրայէլացի հինգ հետեւակ զինուորներ խախտած են սահմանային Կապոյտ գիծը եւ 30 մեթր յառաջացած են դէպի Ռաս Նաքուրա: Ըստ բանակի հրամանատարութեան, անոնք լիբանանեան հողերուն վրայ հինգ վայրկեան մնալէ ետք հեռացած են դէպի բռնագրաւուած Պաղեստին: Սահմանային այս խախտումին մասին հետաքննութիւն բացուած է լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային...

Սաատ Հարիրի Նշանակուեցաւ Վարչապետ.  Կառավարութիւնը Կազմելու Նպատակով  Հարիրի Այսօր Կը Խորհրդակցի  Երեսփոխանական Պլոքներուն Հետ

Սաատ Հարիրի Նշանակուեցաւ Վարչապետ. Կառավարութիւնը Կազմելու Նպատակով Հարիրի Այսօր Կը Խորհրդակցի Երեսփոխանական Պլոքներուն Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, նախագահական պալատին մէջ սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց աւարտին վարչապետի պաշտօնի միակ թեկնածու Սաատ Հարիրի նշանակուեցաւ վարչապետ: Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք Սաատ Հարիրի 65 քուէով դարձաւ վարչապետ, մինչդեռ 53 այլ երեսփոխաններ մերժեցին ոեւէ մէկուն թեկնածութիւնը առաջադրել, իսկ երկու երեսփոխաններ` Միշել Մըր եւ Թալալ Արսլան, ներկայ չգտնուեցան...

«Վարչապետը Պարտի Գործակցիլ Հանրապետութեան  Նախագահին Հետ Բարեկարգումներու  Իրագործման Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Վարչապետը Պարտի Գործակցիլ Հանրապետութեան Նախագահին Հետ Բարեկարգումներու Իրագործման Համար» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Առաջադրեց Սաատ Հարիրիի Թեկնածութիւնը Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ կը զօրակցի Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան: Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրած է Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը: «Այսօր,...

«Վարչապետի Նշանակման Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Կը Շարունակեմ Ստանձնել Պատասխանատուութիւններս»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Վարչապետի Նշանակման Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Կը Շարունակեմ Ստանձնել Պատասխանատուութիւններս» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի կատարէ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները: Միւս կողմէ, երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին նախագահ Աուն լիբանանցիներուն փոխանցեց պատգամ մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ` նկատի ունենալով իր սահմանադրական պատասխանատուութիւնը եւ պաշտօնին խորհրդանշական ըլլալու իրողութիւնը, իր պարտականութիւնը նկատած է պատգամ մը յղել լիբանանցիներուն եւ խորհրդարանի անդամներուն` երկրին կացութեան մասին սրտբաց ելոյթ մը ունենալու...

Դեսպան Աթաբեկեան Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Դեսպան Աթաբեկեան Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան երէկ այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ Լիբանանի երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններու Նախօրեակին Բողոքի Եւ Զօրակցական Ցոյցեր

Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններու Նախօրեակին Բողոքի Եւ Զօրակցական Ցոյցեր

Վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն նախօրեակին, երէկ երեկոյեան, խումբ մը երիտասարդներ ցոյց մը կատարեցին վարչապետի թեկնածու Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին դիմաց` մերժելով Հարիրին դարձեալ վարչապետ նշանակելու ճիգերը: Հարիրիի դէմ մերժումի այս ցոյցին դիմաց Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներ կատարեցին հակացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Հարիրիի վարչապետ նշանակելու ջանքերուն: Զոյգ ցոյցերուն մասնակից ցուցարարներուն միջեւ բաժնեցին լիբանանեան բանակն ու Ներքին ապահովութեան ուժերը: Աւելի...

Դատապարտելով  Թուրք-Ազրպէյճանական Հակահայ Բռնարարքները Անթուան Փանօ. «Էրտողան Ոճրագործ Է Մարդկութեան Դէմ»

Դատապարտելով Թուրք-Ազրպէյճանական Հակահայ Բռնարարքները Անթուան Փանօ. «Էրտողան Ոճրագործ Է Մարդկութեան Դէմ»

Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Անթուան Փանօ, դատապարտելով հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող թուրք-ազրպէյճանական բռնարարքները, արաբերէն լիբանանեան խօսակցական ոճով  հետեւեալ գրառումը արձանագրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ. «Թուրքիա կը զօրակցի Ազրպէյճանին` ընդդէմ  Հայաստանի, իսկ եւրոպական շահերը, դժբախտաբար, կը խաչաձեւեն ու կը համընկնին թրքական ախորժակներուն: Իսկ հայ խիզախ ժողովուրդը կը մնայ զոհը իրեն դէմ կիրարկուող յարաճուն բռնարարքներու` զինք իր արմատներէն ջլատելու վայրագ արշաւի...

Կանց. «Հըզպալլայի Կամ Իրանցի Ահաբեկիչներուն Պիտի Չարտօնենք Կոլանի Սահմաններուն Վրայ Տեղակայուիլ»

Կանց. «Հըզպալլայի Կամ Իրանցի Ահաբեկիչներուն Պիտի Չարտօնենք Կոլանի Սահմաններուն Վրայ Տեղակայուիլ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ Իսրայէլի հարաւային շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը փոխուած է: Ան շեշտեց, որ ո՛չ հրթիռները եւ ո՛չ ալ փուչիկները արտօնուած են: Անդրադառնալով սուրիական հողերէն Իսրայէլի դէմ արձանագրուած կրակոցներուն` Կանց յայտնեց, որ ինք պիտի չանդրադառնայ կրակ բացող կողմերուն, «սակայն կը հաստատեմ, որ Հըզպալլային կամ սուրիացի ահաբեկիչներուն պիտի չարտօնենք Կոլանի սահմաններուն վրայ տեղակայուիլ», շեշտեց ան:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ նորանշանակ դեսպան Ալեքսանտր Ռոտաքովը: Արարողակարգային այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած...

«Անհրաժեշտ Է Լիբանանահայութիւնը Ներկայացնել Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ»   Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

«Անհրաժեշտ Է Լիբանանահայութիւնը Ներկայացնել Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները յետաձգելու իր պահանջին նպատակն էր կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեսփոխաններու զօրակցութիւն ապահովել նոր նշանակուելիք վարչապետին: Ան աւելցուց, որ նախորդ օրերուն կեցուածքներու փոփոխութիւն չէ արձանագրուած: Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փափաքի վարչապետի նշանակման...

Խորհրդարանը Ընտրեց Իր Դիւանը Եւ Համալրեց Խորհրդարանական Յանձնախումբերը

Խորհրդարանը Ընտրեց Իր Դիւանը Եւ Համալրեց Խորհրդարանական Յանձնախումբերը

Օրէնսդրական Նիստ Տեղի Չունեցաւ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին ընտրուեցան խորհրդարանի դիւանի երկու քարտուղարներ, ինչպէս նաեւ համալրուեցան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը` 8 հրաժարեալ երեսփոխաններուն փոխարէն այլ երեսփոխաններու ընտրութեամբ: Այս ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ եւ արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի քարտուղար: Ապա խորհրդարանը ընտրեց...

Նախագահ Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Նախագահ Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումի առնչուող բանակցութիւնները, որոնք կ՛ընթանան գոյացած համաձայնութեան շրջագիծին մէջ: Քիւպիչ նախագահ Աունին ներկայացուց Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող այս բանակցութիւններուն ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը եւ այն հիմքերը, որոնց վրայ խարսխուած...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.  «Լիբանան Բարիքներու Դէմ Յանդիման Պիտի Ըլլայ, Եթէ Հարիրին Վարչապետ Նշանակուի Ու Այս Ծանր Բեռը Ստանձնէ»  Շեշտեց Ֆահմի

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Լիբանան Բարիքներու Դէմ Յանդիման Պիտի Ըլլայ, Եթէ Հարիրին Վարչապետ Նշանակուի Ու Այս Ծանր Բեռը Ստանձնէ» Շեշտեց Ֆահմի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ֆահմի յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է քննարկել ներքին գործոց նախարարութեան որդեգրած խիստ միջոցառումները` «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու իմաստով: Ան ընդգծեց, որ այդ միջոցառումները որդեգրուած են, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազեցնել համաճարակին արագ թափը եւ առիթ...

«Պահեստանոցներու Մէջ Բացայայտուած Դեղորայքը Մինչեւ Տարեվերջ Կրնայ Բաւարարել Երկրին Կարիքները»  Շեշտեց Համատ Հասան

«Պահեստանոցներու Մէջ Բացայայտուած Դեղորայքը Մինչեւ Տարեվերջ Կրնայ Բաւարարել Երկրին Կարիքները» Շեշտեց Համատ Հասան

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ հանդիպում ունեցաւ դեղորայքի սենտիքայի պատասխանատուներուն հետ: Քննարկուեցաւ լիբանանեան շուկային մէջ կարգ մը դեղերու չգոյութեան թղթածրարը: Այս շրջագիծին մէջ Հասան հաստատեց, որ նախորդ քանի մը օրերուն իր կատարած անակնկալ այցելութիւններուն ընթացքին տարբեր պահեստանոցներու մէջ բացայայտուած դեղորայքը մինչեւ տարեվերջ կրնայ բաւարարել երկրին կարիքները: Հասան անդրադարձաւ դեղորայք ներածող ընկերութիւններու հսկողութիւնը խստացնելու կարեւորութեան, որպէսզի  Կեդրոնական դրամատան յատկացուցած նիւթական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական կեդրոնական խորհուրդը համախոհութեամբ որդեգրած է վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան չզօրակցելու որոշումը: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէիի հետ: Հանդիպումէն ետք Ֆիրուզնիա մեկնեցաւ` մերժելով յայտարարութիւններ կատարել: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար...

Page 457 of 988 1 … 456 457 458 … 988

Արխիւներ